Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Խորհրդարանի Նախագահին Ներկայացուցիչները

August 24, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի 22 օգոստոս 2013-ին, Պիքֆայայի վանքին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց խորհրդարանի նախագահ` Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչները: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Լիբանանի Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Ժան Սալմանեան:

Պատուիրակութեան այցելութեան նպատակն էր նախ վեհափառ հայրապետը հրաւիրել յառաջիկայ շաբաթ Մուսա Սատըրի յիշատակին տեղի ունենալիք հանդիսութեան, եւ երկրորդ` ընդհանուր քննարկում մը կատարել Լիբանանի մէջ տիրող այժմու կացութեան:

Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի ներքին կացութեան առնչուած քաղաքական, տնտեսական, ապահովական եւ միջհամայնքային հարցեր: Այցելուները վեհափառ հայրապետին պարզեցին թէ՛ խորհրդարանի նախագահին եւ թէ՛ վերջերս հոգեւոր պետերուն հետ իրենց ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին արծարծուած մտահոգութիւնները եւ մօտեցումները:

Վեհափառ հայրապետը, ողջունելով խորհրդարանի նախագահին հաւասարակշռուած մօտեցումները երկիրը յուզող հարցերուն նկատմամբ, նախ յիշեց Մուսա Սատըրին հետ ունեցած իր հանդիպումը, երբ իբրեւ երիտասարդ վարդապետ մասնակից կը դառնար Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան հանդիպումի մը` Պրումմանայի մէջ: Ապա վեհափառ հայրապետը յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծեց հետեւեալ կէտերը.- 1) Հակառակ երկրին դիմագրաւած լուրջ դժուարութիւններուն, ամէն ճիգ պէտք է թափել ապահովութիւնը ամրապնդելու իմաստով: Այս գծով բանակին դերը կենսական է: 2) Հեռու պէտք է մնալ շրջանին մէջ տեղի ունեցող տագնապներէն, որոնք կրնան լուրջ հետեւանքներ ունենալ Լիբանանի մէջ: 3) Քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան ամուր պահպանումը էական է` իբրեւ հիմքը Լիբանանի: Հետեւաբար, երկխօսութիւնը Լիբանանի համայնքներուն ու քաղաքական կառոյցներուն միջեւ աւելի քան հրամայական է Միջին Արեւելքի այս ճակատագրական հանգրուանին: Այս մարտահրաւէրներուն գծով լիբանանահայութիւնը միշտ կը մնայ յանձնառու, շեշտեց վեհափառ հայրապետը:

Նախորդը

Լիբանան Բողոք Կը Ներկայացնէ ՄԱԿ-ի Մօտ. Իսրայէլ Ռմբակոծեց Նաամէի Պաղեստինեան Մէկ Կեդրոնը

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.