Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած են Իրանի հիւլէական թղթածրարին եւ Սուրիոյ տագնապին վերաբերող հարցերը:
Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Զարիֆ եւ Լաւրով «մտահոգութիւն յայտնած են Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու մագլցումին առնչութեամբ»: Լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ երկու նախարարները քննարկած են Սուրիոյ հարցը` տագնապին քաղաքական մեքանիզմներու ճամբով խաղաղ լուծում մը գտնելու կարեւորութիւնը ընդգծելով, ինչպէս նաեւ բուռն կերպով դատապարտած են այդ երկրին մէջ «ահաբեկիչներու կողմէ քիմիական զէնքի հաւանական օգտագործումը»:
«Մեհր» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը յոյս յայտնած է, որ Իրանի հետ փոխադարձ ու սերտ գործակցութիւնը շարունակուի եւ զարգանայ երկու պետութիւններու շահերուն, շրջանային հարցերով խորհրդակցութիւններու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ միջազգային կայունութեան եւ ապահովութեան աջակցութեան ծիրին մէջ:
Զարիֆ եւ Լաւրով իրենց հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին քննարկած են շրջանային եւ միջազգային կարեւորագոյն զարգացումները, ինչպէս նաեւ հասարակաց կարեւորութիւն ներկայացնող հարցերը, մասնաւորաբար` Իրանի հիւլէական թղթածրարի հարցը: Անոնք Թեհրանի եւ Մոսկուայի միջեւ խորհրդակցութեանց շարունակման կարեւորութիւնը շեշտած են:
Երկու կողմերը Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Պիշքեքի մէջ Շենկհայի կազմակերպութեան վեհաժողովին ծիրին մէջ ունենալիք յառաջիկայ հանդիպումին կարեւորութիւնը ընդգծած են, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ ընդլայնելու կարեւորութիւնը շեշտած:


