Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Քննարկումին Ընթացքին. Դեսպան Նազարեան Խօսեցաւ Սուրիահայութեան Իրավիճակին Մասին

August 23, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կարէն Նազարեան

19 օգոստոսին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ տեղի ունեցաւ քննարկում մը` նուիրուած զինեալ տագնապներուն ընթացքին քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութեան հարցին: Խօսք առնողներուն զգալի մասը անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն:

ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Կարէն Նազարեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Հայաստանի համար Սուրիոյ մէջ իրավիճակը  լոկ նորութիւններու խորագիր չէ, եւ մեծապէս մտահոգիչ են երկրին մէջ վատթարացող մարդասիրական իրավիճակն ու բռնութիւններու աճը: Դեսպան Նազարեան դատապարտեց բնակչութեան նկատմամբ  բոլոր տեսակի յարձակումները, առեւանգումները եւ ահաբեկչական գործողութիւնները, որոնց թիրախին մէջ յայտնուած են անմեղ քաղաքացիներ, ներառեալ` երկրին մէջ ապրող փոքրամասնութիւնները` ընդգծելով այն հանգամանքը, թէ ինչպէ՛ս կը վնասուին հայկական եկեղեցիները, եւ ինչպէ՛ս մեծ թիւով հայեր իրենց սուրիացի համաքաղաքացիներուն հետ միասին Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ ծանր իրավիճակի մէջ կը փորձեն գոյատեւել: Դեսպանը աւելցուց նաեւ, որ Հայաստան կը շարունակէ ընդունիլ գաղթականներ` հակառակ անոր որ աւելի քան հարիւր հազար հայեր իրենց կենցաղը կը շարունակեն Սուրիոյ մէջ օրէ օր ուժգնացող բռնութիւններուն եւ մարդկային ճգնաժամին ներքեւ: «Նմանօրինակ իրավիճակներու լուծման համար համոզուած ենք, որ պէտք է հրաժարիլ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի ոտնահարման գծով ընտրովի մօտեցումներէն: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է արդիւնաւէտօրէն գործէ մարդասիրական իրաւունքի չափանիշերու պահպանման գծով եւ առաջարկէ, որ կողմերը ձեռնարկեն անհրաժեշտ բոլոր քայլերը մարդասիրական օգնութեան դերակատարներու մուտքը եւ գործունէութիւնը ապահովելու համար», նշեց դեսպան Նազարեան:

Խօսելով առհասարակ զանգուածային սպանութիւններու, ոճիրներու առնչութեամբ պատասխանատուութեան մասին` դեսպան Նազարեան բարձր գնահատեց Ապահովութեան խորհուրդի դերակատարութիւնը անպատժելիութեան վերացման եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքը կոպտօրէն ոտնահարողները պատասխանատուութեան ենթարկելու գործին մէջ: Այս շրջագիծին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչը խօսեցաւ նաեւ փոխհատուցման մասին եւ անդրադարձաւ տակաւին այս տարուան գարնան Հայաստանի կողմէ նախաձեռնուած ու ՄԱԿևի մարդկային իրաւունքներու խորհուրդին կողմէ ընդունուած «Ցեղասպանութեան կանխարգիլման» բանաձեւին` կարեւոր նկատելով ճշմարտութեան, արդարադատութեան եւ հատուցման խրախուսումը:

 

Նախորդը

Անիի Մէջ Քաղաքի «Անտեսանելի Խորհութիւնները» Յայտնաբերելու Համար Պեղումներ Սկսած Են

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Նիւ Սաութ Ուէյլզի Պաշտօնատարները Կ՛արհամարհեն Թուրքիոյ Սպառնալիքները

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.