Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Հարազատներուն Դէմ Ամբաստանութիւններ Կ՛արձակուին

August 21, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Քլոտ Քարամ երէկ ամբաստանութիւններ եւ բերման գիրեր արձակեց Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներու հարազատներէն 13-ին դէմ` թուրք օդաչուները առեւանգելու յանցանքով:

Ամբաստանեալներուն մէջ կը գտնուին հաշմանդամ մը եւ անդամալոյծ մը:

Ըստ դատական իշխանութիւններուն, Հայաթ Աուալիի դէմ արձակուած բերման գիրը հիմնուած է անցեալ շաբթուան ընթացքին անոր կատարած այն յայտարարութեան վրայ, թէ Պէյրութի մէջ ոեւէ թուրք քաղաքացի առեւանգումի թիրախ պիտի դառնայ:

Դատական իշխանութիւնները այդ քայլը նկատած են լիբանանեան պետութեան իշխանութեան դէմ կատարուած ոտնձգութիւն մը:

Հայաթ Աուալիի կողքին բերման գիրեր հրապարակուած են նաեւ Սամի Հասան Աուալիի, Մոհամետ Ալի Սալեհի, Նետիմ Սաատ Զղէյպի, Հասան Ժամիլ Սալեհի, Նասրի Հասան Համմուտի, Ատհամ Զղէյպի, Հասան Մոհամետ Սալեհի, Ալի Ժամել Սալեհի, Ապպաս Մոհամետ Հաժ Հասանի, Ապտել Ռահման Ալի Մունզերի եւ Մեհտի Հիւսէյն Զղէյպի դէմ:

Առեւանգուած լիբանանցիներու հարազատներուն անունով յայտարարութիւն կատարեց Տանիել Շաայպ, որ շեշտեց, թէ իրենք ձեռնածալ պիտի չմնան, եթէ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը փորձէ ներխուժել Պէյրութի հարաւային արուարձաններ եւ ձերբակալել ամբաստանեալները:

ՄԻՒՍ կողմէ, պէտք է նշել, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի պետ Իմատ Օսման երէկ անձամբ մասնակցեցաւ իր նախագահած բաժանմունքին կատարած Նաամէ ներխուժումի գործողութեան, որուն ընթացքին կարելի եղաւ ձերբակալել ինքնաշարժը ականող բջիջին մաս կազմող յանցագործները, որոնց շարքին նաեւ անոնց պետը` Մոհամետ Ահմետ, որ ուղղակի հսկած է Նաամէի մէջ բացայայտուած ինքնաշարժը ականելու գործողութեան:

Անհրաժեշտ է նաեւ աւելցնել, որ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ ձերբակալած է ներքին գործոց նախարարութեան անունով ինքնաշարժի մուգ ապակիներու յատուկ արտօնագիրներ կեղծող ցանց մը, որուն պարտականութիւնն է այդ ինքնաշարժները օգտագործել ահաբեկչութիւններ գործելու նպատակով:

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Վարչապետ Սալամը

Յաջորդը

Դաւիթ Ջամալեան` Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարի Խորհրդական

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.