Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Հարազատները Բողոքի Նստացոյցեր Կը Կատարեն

August 19, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները շաբաթավերջին բողոքի նստացոյց մը կատարեցին ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի կեդրոնին դիմաց:

Էշրեֆիէի մէջ կատարուած նստացոյցին ընթացքին առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները պահանջեցին ազատ արձակել թուրք օդաչուն եւ անոր օգնականը առեւանգելու հարցով ձերբակալուած ու արգելափակուած անձերը, որոնք առեւանգուած լիբանանցիներուն այլ հարազատներն են:

Առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները խստիւ դատապարտեցին երկու թուրք քաղաքացիներուն առեւանգումին հարցը լուծելու գծով լիբանանեան պետութեան ջանքերը, մինչդեռ նոյն պետութիւնը անտեսած է իրենց հարազատներուն թղթածրարը, որ 15 ամիսներէ ի վեր տակաւին կը մնայ անլոյծ:

Առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները շեշտեցին, որ իրենք են իրաւատէրերը եւ իրենք են, որոնց հարազատները անարդար կերպով առեւանգուած են:

Անոնք հաստատեցին, որ եթէ իսկապէս Մոհամետ Սալեհ ամբաստանուած է թուրք օդաչուները առեւանգելու հարցով, ապա թող բացայայտէ անոնց գտնուած տեղը, սակայն միւս կողմէ անոնք շեշտեցին, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ձեւական քայլերու կը դիմէ, որովհետեւ ան առեւանգուած թուրք քաղաքացիներուն մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն ունի:

Առեւանգուած լիբանանցիներուն հարցին հետեւող շէյխ Ապպաս Զղէյպ յայտնեց, որ տեղեկահաւաքի բաժանմունքին կողմէ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատներուն նկատմամբ ցուցաբերուած այս կեցուածքը համազօր կը նկատուի Հարաւային արուարձաններուն մէջ պայթումը գործող կողմերուն արարքին, որովհետեւ անոնց հետապնդած նպատակը նոյնն է:

Միւս կողմէ, տեղեկահաւաքի բաժանմունքին համաձայն, առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատներէն երեքը ձերբակալուած են Լեռնալիբանանի վճռաբեկ եւ վերադատ ատեաններու աւագ քննիչ դատախազներուն պահանջով: Անոնք ձերբակալուած են, որովհետեւ իսկապէս փաստուած է թուրք օդաչուներուն առեւանգումին անոնց մասնակցութիւնը:

Նշենք, որ այս հարցով շաբաթ կէսօրին առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները բողոքի նստացոյց մը կատարեցին նաեւ Այն Թինէի մէջ, ուր անոնք ընդունուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի խորհրդական Ալի Համտանի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Մոհամետ Սալեհի եւ երկու ուրիշներու ձերբակալման վերաբերող հարցեր:

Միւս կողմէ, երէկ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ թուրք քաղաքացիները առեւանգելու հարցով ձերբակալուած երեք լիբանանցիները առողջական լաւ վիճակի մէջ կը գտնուին եւ անոնք ծեծի կամ բռնութեան չեն ենթարկուած:

Հաղորդագրութիւնը կոչ ուղղեց անոնց հարազատներուն այցելելու Ռումիէի բանտ եւ անձամբ ստուգելու, թէ իրենց հարազատները լաւ վիճակի մէջ են:

 

Նախորդը

Ժոմպլաթ Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովական Կառոյցները Համայնքայնացնելու Եւ Յարանուանականացնելու Փորձերուն Վերջ Տալու

Յաջորդը

Շարպել Կը Հերքէ Պասպուսի Բնակարանին Մօտ Ական Մը Վնասազերծելու Լուրը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.