Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Գերիները Փոխանակելու, Եթէ Միջազգային Կառոյցներուն Հետ Հարցը Քննարկուի

August 17, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արծրուն Յովհաննիսեան

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ քննարկելու Հայաստանի մէջ գտնուող ազրպէյճանցի ռազմագերի Ֆիրուզ Ֆարաճովը Ազրպէյճանին վերադարձնելու հարցը:

Ազրպէյճանցի զինուոր Ֆարաճով գերի ինկած էր նախորդ տարուան 26 յուլիսին: Հայկական կողմը կը պնդէ, որ ան հատած էր հայ-ազրպէյճանական սահմանը եւ  ինքնակամ յանձնուած էր: Նախանցեալ օր պաշտպանութեան փոխնախարար Դաւիթ Տոնոյեան Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակ Տրականա Ռանքովիչի հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած էր, որ Ֆիրուզ Ֆարաճով փոխած է իր մտադրութիւնը եւ Ազրպէյճան վերադառնալու ցանկութիւն յայտնած: Գերին նաեւ շուտափոյթ հանդիպում խնդրած է Հայաստանի մէջ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, ուստի պաշտպանութեան նախարարութիւնը անկողմնակալ կազմակերպութիւններուն, մասնաւորաբար` Կարմին խաչին հրաւիրած է հանդիպելու Ֆարաճովի հետ: Նշենք, որ արդէն շաբաթէ մը ի վեր Ազրպէյճանի մէջ գերեվարուած է հայ զինուոր Յակոբ Ինջիղուլեան, որուն Կարմիր խաչի Պաքուի գրասենեակը շաբաթէ մը ի վեր չի կրնար հանդիպիլ` Ազրպէյճանի իշխանութիւններէն արտօնութիւն չունենալուն պատճառով:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք հայկական կողմը պատրա՞ստ է փոխանակում կատարելու ազրպէյճանցի գերիին եւ Ինջիղուլեանի միջեւ, Արծրուն Յովհաննիսեան նշեց, որ ասիկա համապատասխան հարցերու քննարկման խնդիր է: Ըստ անոր, եթէ ատիկա միջազգային կառոյցներուն հետ քննարկուի, անշուշտ Հայաստան պատրաստ է` Կարմիր խաչի, մարդասիրական նախաձեռնութիւններ իրականացնող կազմակերպութիւններուն հետ: Հայկական կողմը իրաւական բոլոր հիմքերով որեւէ գնով պատրաստ է վերադարձնելու իր քաղաքացին: «Մեր մօտ գտնուող զինուորին իր կամքին համաձայն տալ, եւ մենք ամէն ինչ կ՛ընենք, որ մեր զինուորը բերենք»:

Տրականա Ռանքովիչ Դաւիթ Տոնոյեանին տեղեկացուց, որ ստացուած տեղեկութեան համաձայն, Պաքուի Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի գրասենեակը վստահ է, որ շուտով յայտնի կը դառնայ Յակոբ Ինջիղուլեանի հետ անոնց հանդիպման ժամկէտը:

Յովակիմեանի Հանդիպումը
Ռանքովիչի Հետ

Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աշոտ Յովակիմեան հանդիպում ունեցաւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Տրականա Ռանքովիչի հետ` 8 օգոստոսին Ազրպէյճանի մէջ գերեվարուած հայ զինուոր Յակոբ Ինջիղուլեանի գծով Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան պատուիրակութեան կատարած աշխատանքներուն վերաբերեալ պարզաբանումներ ստանալու նպատակով:

Փոխնախարար Յովակիմեան կոչ ուղղեց Կոմիտէի հայաստանեան պատուիրակութեան հարցին առնչութեամբ գործադրելու աւելի աշխուժ միջնորդական ջանքեր` կարեւոր նկատելով Պաքուի մէջ կոմիտէի պատուիրակութեան հետ սերտ համագործակցութիւնը:

Իր կարգին, Ռանքովիչ յայտնեց, որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան պատուիրակութեան կողմէ կազմակերպութեան իրաւագիրի շրջագիծին մէջ կը կատարուին անհրաժեշտ քայլեր` Պաքուի Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի գրասենեակի ներկայացուցիչներուն կողմէ հայ զինուորին այցելելու արտօնութիւն ստանալու նպատակով:

 

 

 

Նախորդը

«Յոյսով Եմ, Որ Օր Մը Թուրքալեզու Երկիրներու Ղեկավարները Հաւաքուին Ղարաբաղի Մէջ» Կ՛ըսէ Ապտիւլլա Կիւլ

Յաջորդը

Արցախ. Նախագահ Սահակեան Ծանօթացաւ Հանրապետական Հիւանդանոցի Շինարարական Աշխատանքներու Ընթացքին

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.