Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օպամա Փութինը «Անհոգ Մանուկ»-ի Կը Նմանցնէ

August 12, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին ուղղած այն ամբաստանութիւնը, թէ վերջինս Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ «թշնամական արտայայտութիւններ» կ՛ունենայ, զայրացուց Քրեմլինը, մանաւանդ որ Օպամա «ոչ դիւանագիտական» լեզու օգտագործելով Փութինը «դասարանին վերջին աթոռին նստող եւ անհոգ մանուկ»-ի նմանցուց` նախքան նշելը, թէ «սակայն իրականութիւնը այն է, որ մեր հանդիպումները ընդհանրապէս շատ արդիւնաւէտ են»:

Տումայի միջազգային յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ալեքսի Փեսքով յայտնեց, որ «Սպիտակ տուն հասնելէ ետք,  Ռուսիոյ հետ յարաբերութեանց վերաշխուժացման գծով Օպամայի նախաձեռնած հոլովոյթը կատարելապէս թաղուեցաւ»: Սակայն Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ջանաց լարուածութիւնը մեղմացնել` յայտարարելով, որ Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ «նոր պաղ պատերազմ մը չկայ»: Ան թերագնահատեց «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին աշխատակից Էտուըրտ Սնոուտընին Ռուսիոյ մէջ ապաստան տալու հարցին երկկողմանի յարաբերութեանց վրայ ունենալիք ազդեցութիւնը, «որովհետեւ այդ հարցը շատ քիչ քննարկուեցաւ»:

Հակառակ անոր որ Օպամա Ս. Փեթերսպուրկի մէջ «Քսաններու» վեհաժողովին ընթացքին Փութինի հետ իր հանդիպումը ջնջեց` նշելով, որ «ռուս-ամերիկեան յարաբերութեանց մէջ խորքային հարցերու լուծման առնչութեամբ բաւարար յառաջդիմութիւն չէ արձանագրուած», Լաւրով յայտնեց, որ այդ հանդիպումը չէ ջնջուած, այլ յետաձգուած է: Միւս կողմէ, ռուսական դիւանագիտական աղբիւրներ յայտնեցին, որ Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն վեհաժողովի ընթացքին կարեւոր փաստաթուղթեր պիտի ստորագրեն:

Քրեմլինէն աղբիւր մը Օպամայի Մոսկուա այցելութիւնը Սթոքհոլմ այցելութեամբ մը փոխարինելու Ուաշինկթընի յայտարարութիւնը «անտրամաբանական» նկատեց` աւելցնելով, որ «երբ Ուաշինկթըն կ՛ըսէ, որ Սթոքհոլմի հետ քննարկելիք հարցեր ունի, սակայն Մոսկուայի հետ ոչ, այդ մէկը քննարկումի կը կարօտի»:

Նախորդը

«Ուաշինկթըն Եւ Մոսկուա «Ժընեւ-2»-ը Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Կազմակերպելու Շուրջ Համաձայն Են» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.