Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Շրջուն Ջոկատ Մը Կը Հասնի Լիբանանեան Լապպունէ Շրջանը, Ուր Ական Մը Կը Պայթի Եւ Իսրայէլացի Զինուորներ Կը Վիրաւորուին

August 8, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ նախանցեալ կէս գիշերին իսրայէլեան շրջուն ջոկատ մը ոտնձգութիւններ գործած է սահմանային Կապոյտ գիծին դէմ եւ 400 մեթր դէպի լիբանանեան հողեր յառաջացած:

Լիբանանեան հողերուն մէջ գտնուած պահուն պատահած պայթումի մը պատճառով իսրայէլացի զինուորներուն խմբակէն զինուորներ վիրաւորուած են:

Բանակին հրամանատարութիւնը շեշտեց, որ դէպքին մասին հետաքննութիւն բացուած է եւ այդ իմաստով բանակին ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութիւն կայ: Պայթումին մասին կան երկու վարկածներ, ըստ որոնց, պայթած ականը 1948-էն ի վեր Իսրայէլի կողմէ զետեղուած ական մըն է, իսկ միւս վարկածին համաձայն, երկու ականներ զետեղուած են թիրախ դարձնելու համար սահմանը խախտող եւ լիբանանեան հողեր հասնող իսրայէլացի զինուորներու խումբը:

Իսրայէլեան բանակը յայտնեց, թէ սահմանապահ ուժերուն հսկողութեան ընթացքին վիրաւորուած են 4 զինուորներ:

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր խստիւ դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին դէմ գործուած այս ոտնձգութիւնը եւ շեշտեց, որ աւելի ուշ Լիբանան պաշտօնապէս պիտի բողոքէ այդ արարքին դէմ:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ իսրայէլացի զինուորները կը պաշտպանեն Իսրայէլն ու անոր սահմանները եւ պիտի շարունակեն ստանձնել իրենց պատասխանատուութիւնը` պաշտպանելով Իսրայէլն ու անոր սահմանները:

Ֆինիւլ Հետաքննութիւն Կը Բանայ

ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, որ միջազգային ուժերուն հրամանատարութիւնը հետաքննութիւն բացած է Լապպունէի դէմ գործուած ոտնձգութեան եւ այդ ոտնձգութեան յաջորդած պայթումին մասին:

ՖԻՆԻՒԼ-ի հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ իսրայէլեան ուժերու ջոկատ մը, որ աւելի քան 10 զինուորներէ կը բաղկանար, նախանցեալ գիշեր խախտած է սահմանային Կապոյտ գիծը եւ յառաջացած դէպի Լապպունէ, ուր աւելի ուշ պայթում մը արձանագրուած է եւ վիրաւորած իսրայէլացի զինուորները:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ իսրայէլեան այս արարքը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին դէմ ոտնձգութիւն կը նկատուի:

Նախորդը

450 Քիւրտերու Սպանութեան Հարցով. Լաւրով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Կոչ Կ՛ուղղէ Դատապարտելու Սուրիոյ Մէջ Զանգուածային Սպանութիւնները

Յաջորդը

«Բարեւ Երեւան» Խմբակցութիւնը Կը Վիճարկէ Երեւանի Քաղաքապետին Որոշումները

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.