Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Նախագահեց Ապահովական Նիստի Մը

August 7, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ապու Ֆաուր եւ Միքաթի

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց ապահովական նիստի մը, որուն մասնակցեցան ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր, բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Էտմոն Ֆատել եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնակատար գնդապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս:

Նիստէն ետք Շարպել յայտնեց, որ Ֆիթրի տօնէն ետք Թրիփոլիի մէջ պայթումի մը հաւանականութեան մասին շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկութիւնները անճիշդ են եւ անհիմն:

Շարպել յայտնեց, որ ապահովական ուժերը կազմ ու պատրաստ են պահպանելու երկրին ապահովական կայունութիւնը` աւելցնելով, որ այսօր Ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդը պիտի գումարէ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի որոշուին Թրիփոլիի մէջ ապահովական նոր միջոցառումներ որդեգրելու կարելիութիւնները:

Տարայայի դէպքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Շարպել յայտնեց, որ այս մասին հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է եւ մեր մօտ գտնուող բոլոր տեղեկութիւնները հետաքննութեան տրամադրութեան տակ դրուած են:

Միքաթիի այցելեց ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր. քննարկուեցան Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր:

Տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Նահհաս իր կարգին այցելեց վարչապետարան, ուր ան Միքաթիի հետ քննարկեց Լիբանանի տրամադրուած Եւրոպական Միութեան օժանդակութիւնները:

Միքաթիի այցելեց նաեւ տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Տաուք, որ քննարկեց Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանին վերաբերող հարցեր:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղան երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Հիւսէյն Հաժ Հասան եւ պետական նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Խէյրէտտին, երեսփոխաններ Միշել Մուսա եւ Նետիմ Ժեմայէլ, ինչպէս նաեւ Պէյրութի եւ հիւսիսային Լիբանանի իրաւաբաններու սենտիքաներու նախագահներ Նուհատ Ժապըր եւ Միշել Խուրի:

Նշենք, որ Միքաթի հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ 15 օգոստոս 2013-ին, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Զօր. Քահուաժի. «Բանակը Լուռ Պիտի Չմնայ Իր Դէմ Գործուող Ոտնձգութիւններուն Դիմաց»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.