Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եգիպտոսի Նախագահի Խորհրդականը Կը Հերքէ Արտաքին Միջնորդութեան Գոյութիւնը

August 7, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ուիլիըմ Պըրնզ

Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահի ռազմավարական հարցերով խորհրդական Մուսթաֆա Հուժէյրի մերժեց միջազգային եւ արաբական կողմերու` եգիպտական քաղաքական կեանքին մէջ ներկայիս տարած ջանքերը միջնորդութիւն նկատել:

Ան նշեց, որ անոնք բանակցութիւններ վարելու ջանքեր կամ արտաքին ուժերու կողմէ Եգիպտոսի իրադարձութեանց լուծում գտնելու ջանքեր չեն: «Իրողութիւնը այն է, որ միջազգային կողմեր ունինք, միջազգային հասարակութեան մէջ գործընկերներ, որոնք նախանձախնդիր են տագնապին ճշմարտութեան մօտէն ծանօթանալու», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ միջազգային այդ կողմերուն մեծամասնութիւնը Իսլամ եղբայրներուն հետ յարաբերութիւններ ունին:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ իր եգիպտացի պաշտօնակից Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Ճորճ Լիթըլ հակիրճ հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց, որ Հէյկըլ եւ Սիսի քննարկած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ուիլիըմ Պըրնզի եւ Եւրոպական Միութեան յատուկ պատուիրակ Պերնատինօ Լիոնի ճամբով Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան միջնորդութեան ջանքերը:

Լիթըլ նշեց, որ Սիսի զրոյցի ընթացքին շեշտած է, որ յանձնառու կը մնայ ցոյցերուն վերջ տալու համար խաղաղ լուծումի մը հասնելուն նկատմամբ իր նախանձախնդրութեան: Սիսի Հէյկըլին շնորհակալութիւն յայտնած է այդ հարցով Միացեալ Նահանգներու ցուցաբերած աջակցութեան համար:

Սիսի նաեւ ընդգծած է, որ ժամանակաւոր կառավարութիւնը յանձնառու կը մնայ բոլոր եգիպտացիներուն համար համապարփակ քաղաքական ճամբու քարտէսի մը գործադրութեան:

Պատասխանատու աղբիւրներ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Իսլամ եղբայրներու հոգեւոր առաջնորդ Խէյրաթ Շաթերի հետ ամերիկացի դիւանագէտներու տեսակցութեան ընթացքին քննարկուած են Ռապիա Ատուիյայի եւ Նահտայի հրապարակներուն վրայ Իսլամ եղբայրներու նստացոյցերը ցրուելու, ինչպէս նաեւ ներկայ տագնապէն դուրս գալու միջոցները:

Աղբիւրները յայտնեցին, որ Ուիլիըմ Պըրնզի, Քաթարի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու Եգիպտոսէն մեկնումը, որ կիրակի օր նախատեսուած էր, յետաձգուած է, ինչ որ տագնապին լուծումի մը հասնելու ձգտող բանակցութեանց մէջ զարգացումի մը ցուցանիշն է:

Դիւանագիտական աղբիւրներ «Մասրի Եոմ» օրաթերթին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Պըրնզէն պահանջած է Եգիպտոս իր այցելութիւնը երկարաձգել:

 

Նախորդը

Ասատ Խամենէիի Կը Յայտնէ. «Մենք Վստահ Ենք, Որ Իրանի Նման Հաստատ Եւ Ռազմավարական Դաշնակիցներու Գոյութեամբ Պիտի Յաղթենք»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.