Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` ՈՉ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԱԾ ՆՊԱՏԱԿՈՎ

June 4, 2011
| Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի ներքաղաքական դաշտը եռեւեփումի մէջ է այս օրերուն: Հանրապետութեան նախագահի յայտարարած համաներումէն ետք իշխանութիւն-ընդդիմութիւն բաց եւ անուղղակի երկխօսութիւնը օրինականացնելու ակնկալութիւնը յայտնապէս երկուստեք մեծ է եւ ընդդիմադիր դաշտէն կայ աճապարանք երկխօսութեան սկսելու: Կը թուի, որ արդէն իսկ սկսուած երկխօսութեան հիման վրայ համաձայնութիւն ալ գոյացած է բանակցելու, որովհետեւ ընդդիմութիւնը (աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել ՀԱՔ-ը) հրապարակած է արդէն իր բանակցային կազմը:

Ժողովրդավար հասարակարգերով ղեկավարուող երկիրներու պարագային իշխանութիւն-ընդդիմութիւն երկխօսութիւնը օրինաչափ երեւոյթ է: Անհրաժեշտ է  դրական գնահատել Հայաստանի քաղաքական դաշտը բաղկացնող բոլոր քաղաքական ուժերուն միջեւ մնայուն երկխօսութիւնը, որ յամենայն դէպս միշտ չէ որ կը յանգի համագործակցութեան: Քաղաքական գործնականութեան մէջ անոնք տարբեր հասկացողութիւններ են:

Մինչեւ պաշտօնական երկխօսութեան սկսիլը (նկատի ունենալ ՀԱՔ-ի առաջնորդին յայտարարութիւնը, որուն համաձայն, արդէն իշխանութիւն-ընդդիմութիւն բաց երկխօսութեան մէջ են. եւ սա, միշտ ըստ իրեն, «մեր երազած պետութիւնն է»), օգտագործուած հռետորութիւնն ու վերագրումները ոճի յարափոփոխութիւն կ՛ընդգծեն եւ շատ մը հակասութիւններու տեղի կու տան: Հիմնականը անոնցմէ այն է, որ միեւնոյն ճառին մէջ ՀԱՔ-ի առաջնորդը մէկ կողմէ կը յայտարարէ, որ «այսուհետեւ եւս համարելու ենք, որ Հայաստանի իշխանական բուրգը ոչ օրինական, աւազակապետական, քրէասակաւապետական, թաթար-մոնկոլական համակարգ է, որն անհրաժեշտ է հիմնովին կազմաքանդել»: Միւս կողմէ կը շեշտէ, որ «Հայաստանում ստեղծուած է նոր քաղաքական իրավիճակ, որը հնարաւորութիւն է տալիս թէկուզ ամենասուր խնդիրները լուծել օրինական ճանապարհով: Մենք պատեհութիւն ունենք աշխարհին ապացուցելու, որ յիրաւի պետականութեան դարաւոր աւանդոյթներ ունեցող քաղաքակիրթ ժողովուրդ ենք»:

Այս երկու գաղափարներուն համատեղելիութեան ընկալումը  դժուար է: Նման ուղղուածութեամբ երկխօսութեան առաջադրանքի արդիւնաւէտութիւնը առնուազն թէական կը թուի ըլլալ: Ի վերջոյ այս ձեւով եւ օգտագործելով Հայաստանի առաջին նախագահին բառամթերքը  ՀԱՔ-ը պատրաստ է մոնկոլ-թաթարական, աւազակապետական եւ  քրէասակաւապետական համակարգի ներկայացուցիչներուն հետ երկխօսելու… քաղաքակիրթ պետութիւն ունեցած ըլլալու փաստը ցոյց տալու համար համայն աշխարհին:

Նման հակասութիւններ, ոճի եւ հռետորաբանութեան ետդարձներ կը նախանշեն, որ առաջադրուած երկխօսութիւնը քաղաքական նորարար մշակոյթ ձեւաւորելու կամ քաղաքակիրթ պետութիւն կերտելու նպատակը չեն հետապնդեր: Իշխանութիւն բաժնեկցելու, ընդդիմադիր դաշտը սեփականացնելու եւ ազգային ուժեր լուսանցքայնացնելու կը միտին աւելի քան` այն ինչ որ կը յայտարարուին:

Մանաւանդ որ իշխանութիւն բաժնեկցելու այս վարքագիծը առաւելներ շահելու համար կ՛օգտագործէ Ղարաբաղի խնդիրը, ժողովուրդի ընկերային-տնտեսական իրավիճակը, չմոռնալով սեւացրէքեան քաղաքականութիւնը Դաշնակցութեան նկատմամբ:

Յանկերգը հին է, իսկ մատուցման ձեւը` նոր: Շուտով կը յստականայ, որ այս այն պատեհութիւնը չէ աշխարհին իբրեւ քաղաքակիրթ ժողովուրդ ներկայանալու: Այդ պատեհութիւնը այլապէս կը ներկայանայ, երբ մանաւանդ ժողովուրդը տէր կանգնելով իր քուէին իր կամքը պարտադրէ օրինական ճանապարհով: Մէկ կողմէն ինքնավերարտադրանքի մեքենայութիւններուն չենթարկուելով, միւս կողմէն ընդդիմադիր դաշտը սեփականացնելու մօտեցումները մերժելով:

Նման պարագայի է միայն, որ քաղաքակիրթ ժողովուրդի փաստը ցոյց տալու պատեհութիւնը օգտագործուած կ՛ըլլայ:

 

Նախորդը

ՏՈՔԹ. ՃԵՔ ԳԷՈՐԳԵԱՆ ՈՉ ԵՒՍ Է

Յաջորդը

ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԸ ՃՇԴԵՑ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԻՐ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԸ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողովուրդին Կամքը

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.