Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Հրապարակեց «Անցանկալի Անձերու» Իր «Սեւ Ցուցակ»-ը

August 6, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց ցուցակը Լեռնային Ղարաբաղ այցելած այն անձերուն, որոնք Ազրպէյճանի կողմէ յայտարարուած են «անցանկալի անձեր»: Ցանկը բաղկացած է 35 էջերէ եւ անոր մէջ ներառուած են 335 անձեր:

«Սեւ ցուցակ»-ին վրայ կան տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներ, գործիչներ` Հայաստանի դրացի երկիրներէն մինչեւ աշխարհի ամէնէն հեռու անկիւնները, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայեր` երկու տասնեակէ աւելի:

«Սեւ ցուցակ»-ին վրայ ամէնէն շատը ռուսեր կան, իտալացիներ, աւստրալիացիներ, վրացիներ, ֆրանսացիներ, ուքրանացիներ, ներառեալ` Ռուսիոյ պետական տումայի, Իրանի, Սլովաքիոյ, Ուրուկուէյի, Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու երեսփոխաններ, քաղաքագէտներ, Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ, արուեստի գործիչներ եւ բոլոր անոնք, որոնք պաշտօնեայ են եւ Լեռնային Ղարաբաղ այցելելով յառաջացուցած են Ազրպէյճանի զայրոյթը:

Միայն 2012 թուականին Արցախ այցելած են 15,599 զբօսաշրջիկներ` աշխարհի 86 երկիրներէ: Ազրպէյճան դիւրութեամբ կրնար նաեւ զանոնք ներառել այդ ցուցակին վրայ, եթէ անուն առ անուն հրապարակուէր այդ ցանկը:

Ուշագրաւ է այն փաստը, որ հրապարակուած ցուցակին վրայ ներառուած ոեւէ գործիչ տակաւին ափսոսանք չէ յայտնած Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու համար: Այդ անձերը պարզապէս տարակուսանք եւ հեգնանք արտայայտած են պաշտօնական Պաքուի որոշումին նկատմամբ:

Ազրպէյճան այլեւս չեն կրնար մուտք գործել օփերայի աշխարհահռչակ երգչուհի Մոնսերաթ Քապալիէ եւ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան նախկին յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպի, ամերիկացի տիեզերագնաց Չարլզ Տիուքն եւ 80-ականներու իտալացի ժողովրդային աստղ Ալ Պանոն: Անցանկալի անձերու այս ցուցակին մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն նաեւ լրագրողները եւ փորձագէտները:

Ազրպէյճան մուտք գործելու իրաւունքներէն զրկուեցաւ նաեւ լոնտոնեան «Թայմզ» թերթի թղթակից Թոնի Հալփին: «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ բրիտանացի լրագրողը գրած է. «Անցեալ տարի «Եւրատեսիլ»-ի շնորհիւ ես Պաքու այցելեցի: Հիասքանչ քաղաք, բարեհամբոյր մարդիկ եւ սարսափելի վարչակազմ»:

Ցուցակին վրայ կը գտնուի ամէնէն ազատական ձայնասփիւռի կայանի համարումը ունեցող «Եխօ Մոսկուի»-ի գրեթէ ամբողջ ղեկավարութիւնը, ներառեալ` գլխաւոր խմբագիրի երկու տեղակալները` Սերկէյ Պունթման ու Վլատիմիր Վարֆոլոմէեւ: Այսուհետեւ Ազրպէյճան մուտք գործելու իրաւունք պիտի չունենայ նաեւ Ռազմավարական եւ միջազգային հետազօտութիւններու ուաշինկթընեան կեդրոնի փորձագէտ Սերկէյ Մարքետոնով: Վերլուծաբանը «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրած է. «Ես միշտ ըսած եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի զինուորական լուծումը Ազրպէյճանին ձեռնտու չէ: Նշած եմ նաեւ, որ կարելի չէ ստեղծել այն իրավիճակը, երբ Լեռնային Ղարաբաղը խորհրդային տարիներու օրինակով իբրեւ ինքնավար մարզ վերադառնայ Ազրպէյճանի կազմ: Այն մասին, որ նոյն գետը երկու անգամ չեն մտներ, ես յայտարարած եմ նաեւ Պաքուի մէջ: Փաստօրէն, այլեւս Ազրպէյճանի մէջ այսպիսի յայտարարութիւն կատարելու կարելիութիւն պիտի չունենամ: Եւ ի՞նչ: Ղարաբաղեան տագնապը մէկ անգամէն կը լուծուի՞ այն տարբերակով, որ ձեռնտու է ազրպէյճանական իշխանութիւններուն»:

Պաքուի քաղաքագիտական շրջանակը համոզուած է, որ այս որոշումը տալու ընթացքին Ազրպէյճանի իշխանութիւնները Լեռնային Ղարաբաղ կատարած այցելութիւններու փաստը զուտ իբրեւ պատրուակ օգտագործած են:

 

 

Նախորդը

Մայրամուտ, Որը Հարկաւոր Է Կասեցնել

Յաջորդը

Թեհրանի Մէջ. Հանդիպում` Հայաստանի Եւ Իրանի Նախագահներուն Միջեւ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։