Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտան Հրթիռարձակումի Թիրախ Դարձնելու Առումով` Պըրրի. «Հըզպալլայի Բարոյական Րժանիքները Չեն Ներեր, Որ Ան Նման Արարք Մը Գործէ»

August 6, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Ֆիթրի տօնին առիթով շնորհաւորական հեռագիր մը ստացաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիէն, ինչպէս նաեւ Էրիթրիոյ նախագահ Ասիաս Աֆորքիէն, Իրաքի նախկին վարչապետ Իյատ Ալլաուիէն, Եմէնի խորհրդարանի նախագահ Եհիա Ռայիէն եւ Օմանի խորհրդարանի նախագահ Խալետ պըն Հիլալ պըն Նասեր Մաալուլիէն:

Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով ինք իր շարժակները մարած կը պահէ` աւելցնելով, որ ինք այդ իմաստով իր կարելին առաջարկած է, իսկ հիմա կը սպասէ, որ ուրիշներ առաջարկներ ներկայացնեն:

Պըրրի խստիւ դատապարտեց նախագահական պալատին շրջակայքը հրթիռարձակումի թիրախ դարձնելը եւ մերժեց այդ իմաստով Հըզպալլայի դէմ կատարուած դատապարտումները: «Հըզպալլայի դէմ կատարուած այդ դատապարտումները անհեթեթ են եւ անիրաւ, որովհետեւ Հըզպալլա օր մը օրանց նման ոճի չէ դիմած», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ կարելի չէ յայտնել, որ այդ հրթիռները նախագահական պալատը թիրախ կը դարձնէին: «Նման հրթիռներ պզտիկ չափեր ունին, եւ զանոնք կարելի է արձակել առանց մարտկոցներու», շեշտեց Պըրրի:

Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ Հըզպալլա այս իմաստով ոչ միայն անմեղ է, այլեւ` անոր բարոյական արժանիքները եւ դիմադրութեան ուղեգիծը կ՛արգիլեն իրեն նման արարքներու դիմել:

«Հըզպալլա քաղաքական յարգուած ուժ մըն է, որ երկրին մէջ քանդիչ արարքներ չի կատարեր: Անշուշտ, նախագահական պալատին դէմ նման արարքներ գործելը մերժելի է, սակայն կատարուած հրթիռարձակումին հիմնական թիրախը կը մնայ լիբանանեան բանակը», նշեց Պըրրի:

Նախորդը

Միքաթի Ուահապի Հետ Քննարկեց Տարայայի Միջադէպին Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Նախագահ Սլէյման Սալամի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։