Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երուսաղէմի Համաշխարհային Օր. «Պաղեստինէն Եւ Պաղեստինցիներէն Պիտի Չհրաժարինք» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

August 3, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սէյիտ Հասան Նասրալլա

Երուսաղէմի համաշխարհային օրուան առիթով` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա անձամբ մասնակցեցաւ երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին Հարաւային արուարձաններու «Սէյիտ Շուհատա» համալիրին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան:

«Մեզ միացնողը Երուսաղէմն է» կարգախօսով ընթացած ձեռնարկին իր արտասանած ճառին մէջ, սէյիտ Նասրալլա շեշտեց Պաղեստինեան դատին եւ պաղեստինցիներուն կառչած մնալու եւ նեցուկ կանգնելու անհրաժեշտութիւնը:

Ան հաստատեց, որ 1977-ին Խումէյնի կոչ ուղղեց Ռամատանի վերջին ուրբաթ օրուան ընթացքին նշել Երուսաղէմի համաշխարհային օրը, եւ այդ կոչին նպատակն էր մնայուն կերպով յիշել այդ տօնը եւ կանխարգիլել զայն մոռացութեան ենթարկելու հաւանականութիւնը:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց Պաղեստինի հողային ամբողջականութեան անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ ոչ մէկ թագաւոր, իշխան, նախագահ, պետութիւն կամ անհատ իրաւունք ունի Պաղեստինի պատկանող աւազի հատիկ մը իսկ զիջելու:

«Իսրայէլ շրջանին մէջ մեծ վտանգ մը կը նկատուի. անիկա կը նմանի քաղցկեղի, որ կը փճացնէ մարդ անհատին մարմինը: Հետեւաբար Իսրայէլի ջնջումը իսլամական եւ արաբական աշխարհին համար ազգային շահ կը նկատուի, անիկա սուրիական, յորդանանեան, լիբանանեան եւ այլ երկիրներու ազգային շահ կը նկատուի», շեշտեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Պաղեստինեան դատը պաշտպանողը պաշտպանած կ՛ըլլայ իր արժանապատուութիւնը, իսկ Պաղեստինեան դատը իւրաքանչիւր արաբի պատասխանատուութիւնն է, ըլլայ ան քրիստոնեայ թէ իսլամ:

«Եթէ արաբական աշխարհը ի սկզբանէ գործած ըլլար ի խնդիր Պաղեստինի եւ սիոնական ծրագիրին փոխարէն պաղեստինեան դատը առաջնահերթութիւն նկատէր, ապա այս աստիճանի չէինք հասնէր», յայտնեց ան:

Դիմադրութեան ղեկավարը զգուշացուց ամբողջ Պաղեստինին տիրանալու նպատակով ճիգեր չխնայող սիոնական ախորժակներէն եւ կոչ ուղղեց բոլորին զգաստ մնալու ու չտարուելու շիի համայնքին դէմ ստեղծուող թշնամութենէն: Այս շրջագիծին մէջ սէյիտ Նասրալլա աւելցուց նաեւ, որ համաշխարհային մակարդակով ջանքեր ի գործ կը դրուին Իսրայէլի փոխարէն Իրանը իբրեւ թշնամի ներկայացնելու:

«Սուրիոյ, Պահրէյնի եւ Լիբանանի նման բազմազանութեամբ բնորոշուող երկիրներու մէջ նման իրականութիւններ համայնքային բնոյթ կը ստանան, մինչդեռ պայքարը իր իսկութեան  մէջ քաղաքական է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ համայնքային զէնքը ամէնէն աւելի կործանողն է:

Անդրադառնալով շրջանին մէջ ուրիշը անհաւատ նկատելու ծրագիրին տարածումին` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ արաբ ազգը պիտի պայքարի այդ ծրագիրին դէմ եւ պիտի տապալէ զայն:

Սէյիտ Նասրալլա շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Իրանի եւ Սուրիոյ` Պաղեստինեան դատին եւ պաղեստինեան Դիմադրութեան անոնց օժանդակութեան առիթով:

Ան ողջունեց լիբանանեան բանակը, անոր հրամանատարութիւնը, զինուորները, վիրաւորներն ու նահատակները եւ զօրակցութիւն յայտնեց անոնց` շեշտելով, որ Դիմադրութիւնը բանակին եւ լիբանանցիներուն կողքին պիտի ըլլայ` դիմադրելու համար Լիբանանին սպառնացած մարտահրաւէրներուն»:

Սէյիտ Նասրալլա իր խօսքը ուղղեց Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Իսրայէլի եւ շրջանին մէջ անոնց «գործիքներուն»` ըսելով. «Մենք` Ալի պըն Ապի Թալեպի հետեւորդ շիիներս, Պաղեստինէն, պաղեստինցիներէն եւ պաղեստինեան սրբութիւններէն պիտի չհրաժարինք»:

Նախորդը

Նախարար Սապունճեան Այցելեց Հանրապետութեան Նախագահին

Յաջորդը

«Հրթիռարձակումը Չի Կրնար Փոփոխութեան Ենթարկել Ազատ Խօսքի Շրջագիծին Մէջ Արտայայտուած Ազգային Սկզբունքները» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.