
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչպետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ շրջանային զարգացումները:
Հանդիպումին ընթացքին Ապատի Միքաթիի յանձնեց շնորհաւորագիր մը, որ ուղղուած էր Իրանի առաջին փոխնախագահ սէյիտ Մոհամետ Ռիտա Ռահիմիի կողմէ` 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Լիբանանի, լիբանանցիներուն եւ Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակին առիթով:
Հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով Ապատի շեշտեց, որ ինք Միքաթիի վերահաստատած է Իրանի պատրաստակամութիւնը` բարգաւաճման ծրագիրներուն, որոնց շարքին նաեւ ելեկտրականութեան ծրագիրին առումով գործակցելու Լիբանանի հետ:
Միքաթիի այցելեց նաեւ արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Շաքիպ Քըրթպաուի: Քննարկուեցան նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ:
Նշենք, որ Միքաթի հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երկրին պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան Ֆիթրի տօնին Ա. եւ Բ. օրերուն:
Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Միքաթի յայտնեց, որ եթէ մինչեւ սեպտեմբերի կէսը կառավարութիւն մը կարելի չըլլայ կազմել, ապա ինք ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութիւնը պիտի հրաւիրէ արտակարգ նիստի մը:


