Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Քրտական Շրջաններուն Մէջ Զինակոչ. Տաւութօղլու-Պարզանի Հանդիպում

August 1, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նեչիրվան Պարզանի եւ Տաւութօղլու

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու 30 յուլիսին հանդիպում մը ունեցած է հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի վարչապետ Նեչիրվան Պարզանիի հետ, որ թուրք պաշտօնատարներուն հետ հանդիպումներ ունենալու համար երկօրեայ այցելութեամբ մը Անգարա կը գտնուէր:

Ըստ դիւանագիտական աղբիւրներու, Տաւութօղլու եւ Պարզանի քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւնները, Իրաքի մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները, Սուրիոյ կացութիւնը, Քրտական ազգային խորհրդաժողովը եւ Եգիպտոսի վերջին զարգացումները:

Աղբիւրները նշեցին, որ երկու կողմերը համաձայն գտնուած են, որ Թուրքիա եւ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի կառավարութիւնը հասարակաց կեցուածք ու մտահոգութիւններ ունին շրջանին վերջին զարգացումներուն նկատմամբ` աւելցնելով, որ Սուրիոյ շուրջ Պարզանիի կեցուածքները Թուրքիոյ կեցուածքներուն նման էին, եւ ան այն պատգամը փոխանցած է, թէ իրենք Սուրիոյ նկատմամբ որեւէ մասնատում չեն ուզեր:

Քննարկուած է նաեւ անցնող շաբաթավերջին Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մուսլիմի Թուրքիա կատարած այցելութիւնը:

Նեչիրվան Պարզանիի այցելութենէն կարճ ժամանակ առաջ Իրաքի Էրպիլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ քրտական ազգային խորհրդաժողով մը, որուն մասնակցեցան դրացի երկիրներէն, ներառեալ` Թուրքիայէն, Սուրիայէն եւ Իրանէն շարք մը քրտական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Միւս կողմէ, Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան զինեալ թեւը` Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը 30 յուլիսին Գամիշլիի մէջ քիւրտ ղեկավարի մը սպանութենէն ետք ժիհատականներուն դէմ կռուելու համար զօրակոչ յայտարարեցին:

30 յուլիսին Գամիշլիի մէջ ահաբեկուեցաւ քիւրտ ականաւոր քաղաքական գործիչ Իսա Հուսօ: Դէպքը սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական խորհուրդին եւ Սուրիական ազատ բանակին նկատմամբ քիւրտերուն դժգոհութիւնները սրեց:

ՔԱԿ-ի առնչակից Քրտական համայնքներու միութիւնը իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Ժապհաթ Նուսրան, Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւնն ու Սուրիական ազատ բանակը քիւրտ ժողովուրդին դէմ մէկ ճակատ կազմած են:

«Բոլոր քիւրտերը պէտք է (օժանդակութիւն տրամադրեն), մինչեւ որ Ռոժովայի (Արեւմտեան Քիւրտիստան) յեղափոխութիւնը իր լրումին հասնի: Քիւրտերը պէտք է այս յեղափոխութեան ֆինանսապէս եւ բարոյապէս աջակցին», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Մինչ այդ, թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ թրքական «Էֆ-16» տիպի պատերազմական օդանաւեր երեքշաբթի գիշեր Տիգրանակերտէն թռիչք առնելով երկու ժամ տեւողութեամբ հետախուզական թռիչքներ կատարած են Սուրիոյ հետ սահմանամերձ շրջաններուն վերեւ:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ «Սուրիոյ քիւրտերը կը ջանան «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին անջատ պատուիրակութեամբ մասնակցիլ: Անոնք կ՛ուզեն ապրիլ գերիշխան պետութեան մը մէջ, ուր ազգային խտրականութիւն չկայ, եւ բնակչութեան բոլոր հատուածներուն օրինական իրաւունքները երաշխաւորուած են»:

 

Նախորդը

ՔԱԿ Խաղաղութեան Հոլովոյթի Յառաջ Մղումին Համար Թուրքիոյ Մինչեւ 1 Սեպտեմբեր Պայմանաժամ Մը Կը Ճշդէ

Յաջորդը

Եգիպտական Կառավարութիւնը Կը Հրամայէ Գահիրէի Մէջ Իսլամականներու «Անընդունելի» Նստացոյցերը Ցրուել

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.