Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 31, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Իպրահիմ Նաժժարը, որուն հետ քննարկեց ներկայ իրադարձութիւնները:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ Մուսայթպէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռումանիոյ եւ Լեհաստանի դեսպանները: Քննարկուեցան Լիբանանի եւ Ռումանիոյ ու Լեհաստանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի վերադատ ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Սամիհ Հաժ Մոհամետ Տիրար Ժամմոն սպաննելու յանցանքով ամբաստանեց Ժամմոյի կինը` Սիհամ Եունեսը եւ անոր եղբօր ու քրոջ զաւակները եւ մահապատիժ պահանջեց:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի երէկ այցելեց տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ երեսփոխան Պութրոս Հարպի: Նշենք, որ Հարիրի նախանցեալ օր այցելած էր նաեւ մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսի, շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի: Կը նախատեսուի, որ Հարիրի վաղը բանակին ի պատիւ իֆթար մը սարքէ Մաժտալիունի մէջ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ Պիքֆայայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի հետ: Հրաժեշտի բնոյթ ունեցող հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ինչ որ կապուած է լիբանանեան պետական հաստատութիւններուն ճակատագիրին:

ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, Ահմետ Ասիրի հետեւորդները Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրիի ի պատիւ սարքուած սուհուրի մը ներկայ գտնուած են եւ ապա անհետացած:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թիւը կրնայ բարձրանալ մինչեւ երկու միլիոն, իսկ երկիրը լուրջ փորձանքի դիմաց կը գտնուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի անդամ զինուոր մը Զղարթայի մէջ սպաննուած գտնուած է:

ՍԱՐՊԱՅԻ մէջ անծանօթ մը գնդացիրէ մը կրակ բացած է 22-ամեայ Նատին Զահրանի դէմ եւ սպաննած զայն: Ոճիրին մասին հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Էլիաս Խազեն իր մօտիկներէն խնդրեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէին յիշեցնել, թէ Խազեն ընտանիքը խորհրդարանին մէջ իր ներկայացուցիչը ունի եւ թէ այդ ներկայացուցիչը եւ ինք նոյն համախմբումին անդամներն են:

ԱՄԱԼ շարժումի պատասխանատուներէն Խալիլ Համտան յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը, որ պայքարած է իսրայէլեան բռնագրաւումին դէմ, տակաւին անհրաժեշտութիւն է լիբանանցիներուն համար:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ կրնայ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմել:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» հոսանքի երեսփոխան Հատի Հըպէյշ յայտնեց, որ ներկայ պայմանները չեն ներեր, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի վերադառնայ Լիբանան եւ վերստանձնէ վարչապետի պաշտօնը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայիս շեշտեց, որ կառավարութեան որոշումները սառեցնող մէկ երրորդի գոյութիւնը իր ձախողութիւնը փաստած փորձառութիւն մըն է. ան աւելցուց, որ իրենք դէմ են այս կամ այն քաղաքական ուժին քաղաքական գործունէութեան վերջ տալու ախորժակներուն:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը նախանցեալ օրուան իր նիստին ընթացքին չէ քննարկած Եւրոպական Միութեան կողմէ Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկի վրայ զետեղելու որոշումը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սալահ Հընէյն յայտնեց, որ սահմանադրութեան թիւ 55 յօդուածը չ՛արտօներ, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգուի: Հընէյն հաստատեց, որ այս հարցը ապօրինի է:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» հոսանքի երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ շեշտեց, որ «Պաապտայի յայտարարութեան» նկատմամբ յանձնառութիւնը Լիբանանի տագնապէն դուրս գալու յարմարագոյն լուծումն է:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ եւ վարչական հարցերու երեսփոխանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ յայտնեց, որ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսընի կողմէ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումը անձեռնմխելի չէ եւ կարելի է զայն վիճարկել:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը իր նիստին ընթացքին քննարկած է զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու կարելիութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը քաղաքական որոշում է եւ ոչ թէ օրինական:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

 

 

Նախորդը

Էշթըն Հանդիպում Ունեցաւ Մուրսիի Հետ

Յաջորդը

Քոնելլի Ողջունեց Եւրոպական Միութեան Որոշումը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.