Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պռօշեանի Գիւղապետարանի Ամբողջ Աշխատակազմը Հրաժարական Տուաւ

July 30, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պռօշեան համայնքի գիւղապետարանի ամբողջ աշխատակազմը երէկ հրաժարականի դիմումներ ներկայացուց գիւղապետարանին: Աշխատակիցները իրենց որոշումը պայմանաւորեցին գիւղապետարանին մէջ յառաջացած անվստահութեան մթնոլորտով, ինչպէս նաեւ յայտարարեցին, որ իրենց հրաժարականը բողոքի նշան է, քանի որ դաշնակցական գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի սպանութիւնը չէ բացայայտուած:

Աշխատակիցները գիւղապետարանին մէջ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նաեւ տեղեկացուցին, որ նորընտիր գիւղապետ Արթուր Մուրադեան աշխատակազմին հետ չի հաղորդակցիր եւ գիւղապետարան կը ներկայանայ իր խումբի անդամներուն հետ, որոնք որեւէ կապ չունին աշխատակազմին հետ:

Անոնք այդ պահուն ալ գտնուած են գիւղապետի աշխատասենեակին մէջ: Անոնց հետ ներկայ էր գիւղապետի նախկին պաշտօնակատար Արմենուհի Մելիքեան, որուն տակաւին ընտրութիւններէն առաջ պռօշեանցիները թոյլ չէին տուած մտնել գիւղապետարան եւ կատարել իր պարտականութիւնները:

Գիւղապետ Արթուր Մուրադեան լրագրողներուն ըսաւ, որ չի պատրաստուիր իր աշխատակազմին հետ զրուցելու:

«Իրենք որոշած են հրաժարականի դիմում գրել, ես ի՞նչ պէտք է ընեմ», յայտնեց Արթուր Մուրադեան եւ յայտնեց, որ գիւղին մէջ կան բազմաթիւ կրթուած երիտասարդներ, որոնք կրնան աշխատիլ իրեն հետ:

Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ փորձած է աշխատիլ հին աշխատակազմին հետ, անոնց զեկուցումի հրաւիրել, սակայն չեն ներկայացած:

«Կ՛երեւի չեն ուզեր, իսկ ատիկա զիս երբեք չի մտահոգեր: Ես իրենց առաջարկած եմ, որ ձեզի հետ կ՛ուզեմ աշխատիլ, դուք իմ գիւղացիներս էք: Չեն ուզեր` չեն աշխատիր: Իրենք յայտարարութիւն կատարած են, որուն մասին ես տեղեակ չեմ: Եթէ կ՛ուզեն, թող մնան աշխատին: Ոեւէ մէկն ալ չէ եկած ու չէ ըսած», ըսաւ նորընտիր գիւղապետը:

Գիւղապետարանի աշխատակազմի ղեկավար Լուսինէ Պետոյեան, որ նոյնպէս հրաժարական ներկայացուց, հերքեց, որ գիւղապետը փորձած է իրենց հետ հարցեր քննարկել:

Նախորդը

«Մինչեւ Ծովէ Ծով Հայաստան Ունենալը, Իրատեսական Է Գետէ Գետ Ղարաբաղը» Կ՛ըսէ Արթուր Աղաբեկեան

Յաջորդը

Հայրենի Արուեստագէտ Սուրէն Խորէնեանի Գեղանկարներու Ցուցահանդէսը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.