Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ . Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նիստ

July 30, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Խորհուրդի նիստէն պահ մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Նահհաս, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ, ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Հիւսէյն Հաժ Հասան, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր եւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատի, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաա, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն զօրավար Էտմոն Ֆատել, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս եւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն գնդապետ Իմատ Օսման:

Նիստէն ետք Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր յայտնեց, որ նիստին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ապահովական իրավիճակը եւ բանակին կարիքները, ինչպէս նաեւ ամբողջ Լիբանանի տարածքին բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումները:

Ան նշեց նաեւ, որ նիստը քննարկած է հաշիշի ցանքերը փճացնելու քայլերը, ինչպէս նաեւ տարբեր նախարարութիւններուն կողմէ որդեգրուելիք քայլերը` Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն հարցերը լուծելու եւ անոնց կարիքները ապահովելու առումով:

Խէյր հաստատեց, որ ապահովական կառոյցներու պետերուն եւ նախարարներուն յստակ ցուցմունքներ տրուած են խորհուրդին կողմէ` աւելցնելով, որ խորհուրդը իր տուած որոշումները գաղտնի պիտի պահէ:

Նիստին աւարտէն ետք նախագահ Սլէյման, Նեժիպ Միքաթի, Ֆայեզ Ղոսըն եւ զօրավար Ժան Քահուաժի Պաապտայի մէջ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը:

Նշենք, որ նախքան նիստը նախագահ Սլէյման այլ հանդիպում մը ունեցաւ Միքաթիի եւ Ղոսընի հետ:

Քննարկումի հիմնական հարցը եղաւ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը:

Յետմիջօրէին, զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսընը, որուն հետ քննարկեց բանակին եւ երկրին ապահովական իրավիճակին վերաբերող հարցեր:

Աւելի ուշ, Ղոսըն հարցազրոյցի մը ընթացքին հաւանական նկատեց, որ վաղը` չորեքշաբթի օր յայտարարուի զօր. Քահուաժիի հանգստեան կոչուելու թուականը մէկ տարիով երկարաձգելու որոշումը:

 

Նախորդը

Խորհրդարանի Լիագումար Նիստը Յետաձգուեցաւ 20 Եւ 21 Օգոստոսին

Յաջորդը

Ազատութեան Ճանապարհների Վախեցնող Բացակայութիւնը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.