Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ժողովուրդին Կամքը Ջարդելէ Ետք, Եգիպտոսի Իշխողները Սկսած Են Իրենց Ժողովուրդը Ջարդել» Ըսաւ Էրտողան

July 29, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան քննադատած է եգիպտական ապահովական ուժերուն կողմէ Իսլամ եղբայրներու համակիրներուն դէմ տասնեակներով զոհ պատճառած բռնի ուժի կիրարկումը` զայն նկատելով «ջարդ» մը:

«Կը տեսնենք, որ հակառակ Ռամատանին, իսլամական աշխարհին մէջ սրտերը չեն կակուղնար: Մինչ իսլամները սուհուրի ճաշին կը պատրաստուէին, Եգիպտոսի մէջ ջարդ մը տեղի ունեցաւ: Երկու հարիւր անձեր նահատակուեցան: Ժողովուրդին կամքը ջարդելէ ետք, անոնք, որոնք կառավարութիւնը տապալեցին, այժմ ժողովուրդը կը ջարդեն», ըսած է ան:

«Մարդիկ իրենց իշխանաւորներուն կոչ կ՛ուղղէին յեղաշրջումէն ետդարձ կատարելու եւ իրենց նախագահը իրենց վերադարձնելու: Սակայն փոխանակ իրենց ժողովուրդին ականջ տալու, Եգիպտոսի մէջ յեղաշրջումի հեղինակները հակադարձեցին իրենց աւազակախումբերը զէնքերով ու փամփուշտներով ուղարկելով», աւելցուցած է Էրտողան:

Էրտողան քննադատած է Գահիրէի Թահրիր հրապարակին վրայ հաւաքուած բազմութիւնները, որոնք ընդառաջած էին եգիպտական բանակի սպայակոյտի պետ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի ցոյց կատարելու կոչին` յայտնելով, որ «գիտէ՞ք ինչը զիս կը տխրեցնէ: Մինչ եղբայրներէս աւելի քան 200-ը կը սպաննուէին եւ 5000-ը կը վիրաւորուէին, Թահրիր հրապարակին վրայ պայթուցիկներով զուարճացողներ կային: Այս մարդիկը ովքե՞ր են: Պէտք է այսպիսի դաւերու նկատմամբ աչալուրջ ըլլանք»:

«Ո՞ւր է Եւրոպան, ո՞ւր են Միացեալ Նահանգները: Ո՞ւր են եւրոպական արժէքները: Անոնք, որոնք ժողովրդավարութեան դասեր կու տան, ո՞ւր է ժողովրդավարութիւնը, ու՞ր է ՄԱԿ-ը», հարց տուած է Էրտողան:

Թուրքիոյ վարչապետը քննադատած է «Պի.Պի.Սի.»-ն, «Սի.Էն.Էն.»-ը եւ «Տը Թայմզ»-ը` յայտնելով, որ «ո՞ւր են անոնք, որոնք աղմուկ կը բարձրացնէին, երբ թրքական ոստիկանութիւնը ջրաշիթ մեքենաներ եւ արցունքաբեր կազ կ՛օգտագործէր շատ արդարացի եւ օրինական ձեւով, ի՞նչ կ՛ընեն Եգիպտոսի մէջ ջարդին եւ յեղաշրջումին վերաբերեալ: Անոնց, որոնք օրաթերթերուն մէջ ծանուցումներ հրապարակեցին. Եգիպտոսի մէջ մէկ գիշերուան մէջ հարիւրաւոր մարդիկ ջարդուեցան, ինչո՞ւ այդ մէկը չէք տեսներ: «Պի.Պի.Սի.»-ն եւ «Սի.Էն.Էն.»-ը, որոնք Պոլսոյ մէջ բիրտ ցոյցերը ժամերով ցուցադրեցին… ինչո՞ւ չէք ցուցադրեր ասոնք»:

Էրտողան անգամ մը եւս կոչ ուղղած է ընտրեալ կառավարութիւնը վերականգնելու: «Այս յեղաշրջումին ետին կանգնողները լաւ գիտենք: Կ՛ուզենք, որ զսպուին: Մենք Պոլիսէն կ՛ողջունենք մեր եղբայրները, որոնք յեղաշրջումին դէմ դիմադրութիւն կը կատարեն: Թող Աստուած եգիպտացի ժողովուրդին հետ ըլլայ»:

Մինչ այդ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթ օր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ «մենք բուռն կերպով կը դատապարտենք այս լուրջ եւ անընդունելի դէպքը: Մենք մտահոգութեամբ կը հետեւինք վերջին զարգացումներուն եւ այն հաւանականութեան, որ զոհերուն թիւը կրնայ բարձրանալ: Խաղաղ ցուցարարներու դէմ բռնարարքներու դիմելն ու զէնքերու օգտագործումը, ինչպէս նաեւ (եգիպտացի) ժողովուրդին դէմ կրակ բանալը հասարակութեան խիղճը վիրաւորած է»` աւելցնելով, որ «իրենց ժողովրդավարական կամքը պաշտպանող ցուցարարներուն դէմ կրակ բանալը մարդկային բարոյականութեան առումով անընդունելի է»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու իր կարգին «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրեց, որ «եգիպտական ժողովրդավարութեան հասած հարուած մը ամբողջ Միջին Արեւելքին պիտի ազդէ: Եգիպտոսի վերելքը ամբողջ Միջին Արեւելքի վերելքն է»:

Նախորդը

Իշխանութիւնները Ռապիա Ատուիայի Եւ Նահտայի Նստացոյցերը Այսօ՞ր Պիտի Ցրուեն. Մուրսիի Համակիրները Կ՛անտեսեն Նստացոյցերը Ցրուելու Սպառնալիքները

Յաջորդը

Ֆրանչիսկոս Պապը Հոգեւորականներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Չքաւորներու Հետ Հանդիպելու

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.