Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ ՔԱԿ-ի Առնչուած Խմբաւորման Ղեկավարին Անակնկալ Այցելութիւնը Թուրքիա

July 27, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սալեհ Մուսլիմ

«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ ՔԱԿ-ի առնչուած Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մուսլիմ երկօրեայ անակնկալ այցելութիւն մը տուած է Թուրքիա` թուրք-սուրիական սահմանին վրայ մագլցում արձանագրող բախումներուն հարցով քննարկումներ կատարելու համար:

Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը Անգարայի մտավախութիւնները փարատելու համար յայտնած էր, որ ինք Թուրքիոյ հողային ամբողջականութեան վտանգ չի ներկայացներ, եւ կոչ ուղղած էր հիւսիսային Սուրիոյ մէջ արմատական խմբաւորումներու դէմ Անգարայի հետ ընդլայնուած համագործակցութեան:

Մուսլիմ հինգշաբթի կէսօրէ ետք Էրտիլէն Պոլիս եկած է:

Թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ կը նախատեսուի, որ ան հանդիպումներ ունենայ թուրք պաշտօնատարներու հետ, ներառեալ` արտաքին գործոց նախարարութենէն դիւանագէտներու եւ թրքական գաղտնի սպասարկութենէն` ՄԻԹ-էն պաշտօնատարներու հետ:

«Թուտէյզ Զաման»-ի կայքէջը նաեւ հաղորդեց, որ աւելի քան 10 քրտական կուսակցութիւններ, ներառեալ` Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը ներառող Սուրիոյ Քրտական Ազգային խորհուրդը Ռասուլ Այնի մէջ լքուած գործարանի մը վրայէն վերցուցած են Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան դրօշը եւ անոր տեղ բարձրացուցած իրենց դրօշը:

19 յուլիսին Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը Ժապհաթ Նուսրա զինեալ խմբաւորման դէմ բուռն բախումներէ ետք գրաւած էր քաղաքը եւ գործարանին վրայ ծածանող Սուրիական ազատ բանակի դրօշին տեղ բարձրացուցած էր իր դրօշը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը մամլոյ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը տեղեակ է, թէ Սուրիոյ քիւրտերուն մօտ անջատուելու մտադրութիւն գոյութիւն ունի` զգուշացնելով Սուրիոյ քիւրտերը «անջատողականութեան երազներէն, որովհետեւ անոնք մղձաւանջի պիտի փոխուին եւ շրջանը մղեն դէպի անփափաքելի դիպաշարեր»:

Ան նշեց, որ թրքական բանակէն ուժերու շրջան մեկնելուն նպատակը թուրք բնակիչները թրքական հողերուն դէմ կատարուող յարձակումներու կրկնութենէն պաշտպանելն է` աւելցնելով, որ «թրքական կառավարութիւնը խորհրդարանէն պիտի պահանջէ սուրիական հողեր մուտք գործելու լիազօրութիւնը վերանորոգել, եթէ բանակը զգայ, թէ ատոր կարիքը կայ»: Ան նշեց, որ անցեալ սեպտեմբերին խորհրդարանին տուած այդ միամեայ լիազօրութիւնը իր աւարտին կը մօտենայ` աւելցնելով, որ հաւանական է, որ կառավարութիւնը լիազօրութեան վերանորոգումը պահանջէ, «սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ վաղը սուրիական հողեր մուտք պիտի գործենք»:

 

Նախորդը

Ամերիկացի Ծերակուտականները Կ՛առաջարկեն Պատժամիջոցներ Հաստատել Ռուսիոյ Եւ Սնոուտընին Բոլոր Օգնողներուն Դէմ

Յաջորդը

Եգիպտոսի Մէջ Բանակը Լիազօրելու Եւ Մուրսիին Զօրակցելու Հակադիր Ցոյցեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.