Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ Պրիւքսէլի մէջ գումարեցին նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեցին Հըզպալլայի զինեալ թեւը ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն շարքին դասելու կարելիութիւնը:
Նիստէն ետք յայտարարուեցաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը Հըզպալլայի զինուորական թեւը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու շարքին կը նկատէ:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ յայտնեց, որ Հըզպալլայի զինուորական թեւը ահաբեկչական նկատելը Լիբանանի կացութեան վրայ ազդեցութիւն պիտի չունենայ:
Հէյկ շեշտեց, որ իրենք աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր այդ առաջարկը ներկայացուցած են, «իսկ այսօր, Պուլկարիոյ պայթումէն մէկ տարի անց, Եւրոպական Միութիւնը կը պատասխանէ այդ գործողութեան եւ Հըզպալլան զետեղեց ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ», ըսաւ ան:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կիտօ Վեսթերվելէ իր կարգին յայտնեց, որ Հըզպալլան պատժելը բարդ հարց մըն էր` աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութեան անդամ կարգ մը երկիրներ արգելք հանդիսացած են Հըզպալլան պատժելու իմաստով:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ողջունեց Եւրոպական Միութեան որոշումը եւ զայն նկատեց նուաճում մը` իսրայէլեան արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ:
Իսրայէլի արդարութեան նախարար Ցիփի Լիվնի իր կարգին գոհունակութիւն յայտնեց այդ որոշումին առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ Հըզպալլան իբրեւ քաղաքական կազմակերպութիւն ներկայացնելու փորձերը ձախողած են, եւ ամբողջ աշխարհին համար յստակ դարձած է անոր ահաբեկչական բնոյթը:
Իսրայէլի նախկին արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման Եւրոպական Միութեան տուած որոշումին գծով դժգոհութիւն յայտնեց` շեշտելով, որ Հըզպալլայի քաղաքական եւ զինուորական թեւերը նոյն մետալին երկու երեսներն են:
Լիբանանեան առումով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման մաղթեց, որ Եւրոպական Միութիւնը Հըզպալլայի վերաբերեալ իր տուած որոշումը վերատեսութեան ենթարկէ` յանձնառու մնալով Լիբանանի ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ հաստատելով քաղաքական լուծումներու եւ երկխօսութեան միջոցով նման հարցեր լուծելու կարեւորութիւնը:
Նախագահ Սլէյման այս կեցուածքները արտայայտեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան կողմէ տրուած որոշումը արագ որոշում մը կը նկատուի` աւելցնելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի սերտէ այս որոշումը եւ ապա պիտի պատասխանէ անոր:
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան իր կարգին խստիւ դատապարտեց Եւրոպական Միութեան որոշումը` ընդգծելով, որ անիկա արդարացուած չէ, այլ` ահաբեկչական որոշում մըն է, որ իրականութեան հետ ոչ մէկ կապ ունի:
Միւս կողմէ, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ լիբանանեան հասարակութիւնը իր բոլոր բաղադրիչներով յանձնառու է միջազգային օրինականութեան, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն հետ իր յարաբերութիւններուն նախանձախնդիր մնալու:
Միքաթի շեշտեց, որ իրենք այս հարցը պիտի հետապնդեն դիւանագիտական միջոցներով. ան մաղթեց, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները աւելի լուրջ հետեւէին մանրամասնութիւններուն եւ տուեալներուն:


