
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսընը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական ներկայ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ այս հանգրուանին բանակին կարիքները:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ ապահովական կայունութիւնը հաստատելու համար ի գործ դրուած ջանքերը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի եւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ: Քննարկուեցան երկրին ապահովական կացութիւնը եւ Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի: Քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի կացութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնն ու լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը:


