
Հարաւային Լիբանանի Սարաֆանտ շրջանին մէջ սպաննուած է սուրիացի լրագրող, քաղաքական վերլուծաբան Մոհամետ Տիրար Ժամմօ, որ սուրիական վարչակարգին զօրակցող անձնաւորութիւն մըն է:
Անոր սպանութեան մասին բացուած հետաքննութեան արդիւնքներուն համաձայն, Ժամմոն սպաննած են երեք անձեր, որոնք «Քալաշնիքով» տիպի գնդացիրով մը 30 փամփուշտ արձակած են Ժամմոյի դէմ ու սպաննած զայն:
Սպանութիւնը պատահած է երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն, երբ ան Սուրէն իր ընտանիքին ընկերակցութեամբ տուն վերադարձած է:
Ժամմոյի կինը յայտնած է, որ վերջին հանգրուանին ան զգուշանալու տեղեկութիւններ ստացած է Պաաս կուսակցութենէն, որ իր կարգին ահաբեկիչներու կողմէ Ժամմոն թիրախ դարձնելու սպառնալիքներ ստացած է:
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Ժամմոյի սպանութիւնը` շեշտելով, որ վայրագութիւնը երկխօսութեան եւ քաղաքական աշխատանքին մասին ոչինչ գիտէ, ինչպէս նաեւ գիտելիքներն ու մշակոյթը չ՛արժեւորեր:
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարարութիւնը օրինական, բարոյական եւ քաղաքական առումով «խաւարի ուժեր»-ը պատասխանատու նկատեց այս ոճիրին եւ լիբանանեան իշխանութիւններէն պահանջեց բացայայտել այս սպանութեան ծալքերը:
Պաաս կուսակցութեան ղեկավարութիւնը խստիւ դատապարտեց Ժամմոյի սպանութիւնը` շեշտելով, որ անիկա ցոյց կու տայ զինեալ խմբաւորումներուն եւ անոնց զօրակցող ու օժանդակող պատասխանատուներուն ոճրային բնոյթը:
Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ երէկ խստիւ դատապարտեց Ժամմոյի սպանութիւնը` շեշտելով, որ ահաբեկչութիւնը խօսքի ազատութիւն չի կրնար հանդուրժել:
Լահուտ կոչ ուղղեց բացայայտելու յանցագործները եւ զանոնք դատավարութեան ենթարկելու:


