Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Պալատին Մէջ Մատուցուեցաւ Տարեկան Իֆթարը

July 17, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման նախագահական պալատին մէջ երէկ երեկոյեան մատուցեց տարեկան իֆթարը, որուն ներկայ գտնուեցան հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, վարչապետ Թամմամ Սալամ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ,  խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի, ինչպէս նաեւ իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերը` հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի, շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը եւ պետական ու բարձրաստիճան այլ անձնաւորութիւններ:

Տարեկան իֆթարէն բացակայեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:

Նախքան իֆթարը նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան կառավարութեան արտակարգ նիստ մը գումարելու հեռանկարները:

Իֆթարի ընթացքին նախագահ Սլէյման իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ մօտիկ ապագային պիտի առաջարկէ քննարկել սահմանադրութեան որոշ կէտերու յստակացումը: Ան շեշտեց ազգային միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ «Պաապտայի յայտարարութեան» կառչած մնալու կարեւորութիւնը: Նախագահ Սլէյման ընդգծեց բանակին նկատմամբ անվերապահ զօրակցութիւն ցուցաբերելու եւ անոր դէմ գրգռութիւններու հրահրումը կասեցնելու կարեւորութիւնը:

Ան Պիր Ապըտի ականահարումը մտահոգիչ զգուշացում մը նկատեց եւ բոլորը հրաւիրեց ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնները:

Իտալական Զինուորական Պատուիրակութիւն

Իտալական զինուորական պատուիրակութեան հետ հանդիպումէն պահ մը

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ կէսօրէ առաջ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Իտալիոյ բանակի հրամանատար զօր. Քլաուտիօ Կրացիանոն` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոյի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան բանակին եւ Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը, լիբանանեան եւ իտալական զինեալ ուժերուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական իրադարձութիւնները:

Զօր. Կրացիանօ եւ Մորապեթօ այցելեցին նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսընի եւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի:

Նախորդը

Զօր. Աուն. «Ըստ Երեւոյթին Կառավարութիւն Պիտի Չկազմուի` Վեթոներուն Եւ Նախապայմաններուն Պատճառով»

Յաջորդը

Մաժտալ Այնճար-Մասնաա Ճամբուն Վրայ Ինքնաշարժ Մը Ականահարումի Թիրախ Կը Դառնայ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.