
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները 12 յուլիսին Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ հանդիպելէ ետք տարածած են յայտարարութիւն մը` ամփոփելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթի ծիրին մէջ 2013-ի յունիս եւ յուլիս ամիսներուն ընթացքին հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն հետ ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:
ԵԱՀԿ-ի կայքէջը կը հաղորդէ, որ յայտարարութեան մէջ մասնաւորաբար կը նշուի, թէ «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Ժաք Ֆոր (Ֆրանսա), Եան Քելի (Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք յունիսին եւ յուլիսին կազմակերպած են շարք մը հանդիպումներ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթը խթանելու համար:
Անոնք 6 յունիսին Լոնտոնի մէջ հանդիպում ունեցած են Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի, իսկ 28 յունիսին Փարիզի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:
Համանախագահները եւ արտաքին գործոց նախարարները շարունակած են տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերեալ քննարկումները` հիմնական ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով կողմերուն միջեւ լարուածութիւնը թուլացնելու ուղղութեամբ ջանքերը շարունակելու եւ այս տարի երկու երկիրներու նախագահներուն միջեւ հանդիպում կազմակերպելու հարցին վրայ: 12 յուլիսին տեղի ունեցած միացեալ հանդիպումին ժամանակ ալ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները վերահաստատած են վերոյիշեալ նպատակները իրականացնելու ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկելու իրենց յանձնառութիւնը եւ քննարկած են յառաջիկայ ամիսներուն բանակցութիւններ կատարելու ծրագիրները:
Համանախագահները շաբաթ օր ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամ երկիրներու դեսպաններուն տեղեկացուցած են հանդիպումներու արդիւնքներուն մասին»:


