
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթ օր ընդունեց հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական եւ քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ երեքշաբթի օր գումարուելիք խորհրդարանի օրէնսդրական լիագումարին վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Պէյրութի տօնակատարութիւններու կազմակերպիչ միութեան յանձնախումբը` նախագահութեամբ Պէյրութի քաղաքապետ Պիլալ Համատի, որ հանրապետութեան նախագահը հրաւիրեց հովանաւորելու Լիբանանի անկախութեան տարեդարձին առիթով տեղի ունենալիք 2013-ի տօնակատարութիւնները:


