Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արեւելեան Գործընկերութիւնը Ուղղուած Չէ Որեւէ Պետութեան Դէմ» Կ՛ըսէ Նախագահ Սարգսեան

July 13, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր Քիշնեւի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան Արեւելեան գործընկերութեան առաջնորդներու երրորդ վեհաժողովին ժամանակ յայտարարեց, որ Արեւելեան գործընկերութիւնը ուղղուած չէ որեւէ պետութեան կամ պետութիւններու խումբի դէմ:

Վեհաժողովին ընթացքին, որուն մասնակցեցան նաեւ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլին եւ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան նախագահ Վիլֆրիտ Մարթենս, քննարկուեցան Արեւելեան գործընկերութեան օրակարգային, ինչպէս նաեւ Վիլնիուսի վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր:

Այս տարուան նոյեմբերին Վիլնիուսի մէջ կը նախատեսուի, որ Հայաստան պիտի նախաստորագրէ Ընկերակցական եւ Խոր ու համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման մասին համաձայնագիրները: Հակառակ անոր, որ որոշ փորձագէտներու եւ վերլուծաբաններու համոզումով, Հայաստան ճնշումներու կ՛ենթարկուի Ռուսիոյ կողմէ, ամէն պարագայի, Եւրոպական Միութեան ընդարձակման հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ եւ Հայաստանի իշխանութիւնները վստահութիւն յայտնած են, որ այդ համաձայնագիրները պիտի նախաստորագրուին:

«Արեւելեան գործընկերութիւնը իր բնոյթով համագործակցութիւն է, այլ ոչ թէ հակասութիւններ ստեղծելու ուղղուած նախաձեռնութիւն: Այս գործընկերութիւնը ուղղուած է բաժանարար գիծերու վերջնական յաղթահարման», յայտնեց նախագահ Սարգսեան:

Իր ելոյթին մէջ նախագահ Սարգսեան անդրադարձաւ նաեւ այն հարցին, թէ վերջաւորութեան ի՛նչ ձեւով պիտի նպաստէ այդքան սպասուած համաձայնագիրներուն ստորագրումը շարքային քաղաքացիներուն` ընդգծելով, որ արդիւնաւէտ աշխատելու համար Արեւելեան գործընկերութիւնը պէտք է հասկնալի ըլլայ գործընկեր պետութեան իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար:

Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ նաեւ փակ սահմաններու հարցին: Ան շեշտեց, որ Արեւելեան գործընկերութեան շրջագիծին մէջ Հայաստան մեծապէս կարեւոր կը նկատէ փակ սահմաններու փորձին վերջ դնելը` ընդգծելով միաժամանակ, որ փակ սահմաններու պայմաններուն մէջ Եւրոպական Միութեան հետ առեւտուրը չի կրնար արդիւնաւէտ ըլլալ:

«Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի համաձայնագիրը, որ ներկայիս բանակցութեան նիւթ է Եւրոպական Միութեան հետ, ուժի մէջ մտնելէն ետք չի կրնար լիարժէք գործել, եթէ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը մնայ փակ, ինչպէս ներկայիս: Մենք կը կարծենք, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է լրջօրէն անդրադառնայ փակ սահմաններու հարցին, քանի որ անոնց առկայութեան պայմաններուն մէջ Եւրոպական Միութեան մաքսային միութեան հետ առեւտուրը չի կրնար արդիւնաւէտ ըլլալ», շեշտեց Հայաստանի նախագահը:

 

Նախորդը

Հրիսթէա. «Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան Բանակցութիւնները Նոր Թափ Ստացած Են»

Յաջորդը

ՀՅԴ-ն Ձեռնամուխ Կ՛ըլլայ «Հրաչ Մուրադեան. Արդարութեան Պահանջ» Հասարակական Շարժումի Ստեղծման

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.