
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց երկրին ներկայ իրավիճակն ու ապահովական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Շարպել մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Միւս կողմէ, Պըրրի յայտնեց, որ առանց Հըզպալլայի մասնակցութեան կարելի չէ կառավարութիւն կազմել` պատասխանելով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն այն պահանջներուն, թէ պէտք է Հըզպալլան կառավարական կազմէն հեռու պահել:


