Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մուրսիի Հեռանալէն Ետք Եգիպտոս Արաբներուն Վերադարձաւ» Կ՛ըսէ Պեպլաուի

July 13, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտոսի ժամանակաւոր վարչապետ Հազեմ Պեպլաուի յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր տնտեսական, ապահովական, ընկերային եւ մշակութային կողմերով ամբողջական պիտի ըլլայ` շեշտելով, որ կառավարութիւնը գործադրելիք առաջնահերթութիւններ ունի, որոնց գլխաւորը ապահովութիւնը, ապա տնտեսութիւնն է:

Ան նշեց, որ քաղաքական որեւէ կողմ երկրին իշխանութենէն պիտի չմեկուսացնէ:

Պեպլաուի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ողջունեց Ծոցի երկիրներէն, նախ եւ առաջ Սէուտական Արաբիայէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն եւ Քուէյթէն իր երկրին ստացած օժանդակութիւնները` նշելով, որ ատիկա կը նշանակէ, թէ արտաքին աշխարհը, մասնաւորաբար Ծոցի երկիրները սկսած են Եգիպտոսը նկատել կայունութեան հանգրուան մուտք գործած եւ ներդրումի ու քաղաքական մթնոլորտը համագործակցութեան յարմար դարձած երկիր մը:

Պեպլաուի ըսաւ, որ «Եգիպտոս արաբներուն վերադարձաւ, ինչպէս նաեւ իր նախնական բնոյթին, որուն մէջ Ծոցի երկիրները զայն քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական թիկունք ըլլալու վերադարձուցին»: Ան նշեց, որ երբ  պաշտօնանկ եղած նախագահ Մոհամետ Մուրսի իշխանութեան եկաւ, սկսաւ արաբական ազգային կապերը նուազեցնել եւ փոխարէնը աճեցնել աւելի ընդարձակ կապ մը` իսլամականը, սակայն երբ իշխանութենէն հեռացաւ, Եգիպտոս արաբներուն վերադարձաւ` աւելցնելով, որ «ես այս հարցով շատ լաւատես եմ»:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Քամել Ամրօ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը նախանձախնդիր է հաստատելու իսկական ու արմատացած ժողովրդավարութիւն մը, որ երկրին մէջ բոլոր քաղաքական հոսանքներուն ու ուժերուն մասնակցութիւնը կ՛երաշխաւորէ, առանց որեւէ քաղաքական հոսանք մեկուսացնելու:

Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պատըր Ապտելաթի յայտնեց, որ Ամրօ նաեւ ընդգծեց, որ քաղաքական ուժերու համաձայնութեամբ գոյացած ճամբու քարտէսի գործադրումը արագ պիտի ընթանայ, եւ «Եգիպտոսի մէջ օրէնքներէն դուրս որեւէ արտակարգ միջոցառումներ պիտի չորդեգրուին»:

Պոկտանով. «Եգիպտոս Կրնայ Մոսկուայէն
Օժանդակութիւններ Խնդրել Եւ
Մենք Պատրաստ Ենք Խնդրանքը Քննելու»

«Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահի միջինարեւելեան պատուիրակ, արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտնած է, որ «չեմ բացառեր, որ (եգիպտացիները) մեզի դիմեն տնտեսական օժանդակութեան խնդրանքով, ճիշդ ինչպէս Ծոցի կարգ մը երկիրներուն ըրին, մասնաւորաբար Սէուտական Արաբիոյ, որ իրենց խոստում տուաւ, եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն ու Քուէյթին»:

Ան նշեց, որ Եգիպտոս տնտեսական շատ դժուար կացութիւն մը կը դիմագրաւէ` նշելով, որ Մոսկուա պատրաստ է այդ օժանդակութիւնները Գահիրէի տրամադրելու հարցը քննարկել:

Կազայի Սահմանամերձ Շրջաններուն Մէջ
Լարուած Մթնոլորտ

Եգիպտական պետական լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ եգիպտական ապահովական մարմինները ձերբակալած են երեք պաղեստինցիներ, որոնք Սինայի մէջ կարեւոր դիրքերու դէմ յարձակում գործել կը փորձէին:

Կազայի «Սաֆա» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ եգիպտական զինուորական ուղղաթիռ մը Պաղեստին-Եգիպտոս սահմանամերձ շրջան եկած է եւ առաւօտեան ժամը 2:30-ին ցած մակարդակի վրայ շուրջ մէկ ժամ թռիչք կատարած Ռաֆահ նահանգին վերեւ, ապա վերադարձած եգիպտական օդային տարածք:

Կազայի մէջ ապահովական աղբիւր մը իր կարգին հաստատեց լուրը եւ աւելցուց, որ ուղղաթիռին թռիչքը զուգադիպած է Կազայի հետ փապուղիներու շրջանին մէջ եգիպտական բանակին շղթայազերծած մեծ գործողութեան մը, որուն ընթացքին շարք մը փապուղիներ յայտնաբերուած ու փակուած են: Եգիպտացի զինուորներ նաեւ ներխուժած են Կազա մաքսանենգուելու համար պատրաստուած ապրանքներու պահեստանոցներ:

Եգիպտական բանակէն սպայ մը իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթին յայտնած է, որ պաղեստինեան Համաս շարժումէն զինեալներ սահմանը հատելով յարձակում կը գործեն եգիպտական ուժերուն վրայ` աւելցնելով, որ «Եգիպտոսի մէջ արձանագրուած բախումներու ընթացքին պաղեստինեան շարժումի 36 անդամներ սպաննուած են»:

«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ ամերիկացի զօրավար Ճէյմս Ամոս յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու «Քիսարճ» եւ «Սան Անթոնիօ» մարտանաւերը Եգիպտոս կ՛ուղղուին «Քարթըր Հոլ» մարտանաւին հետ, որ կը շարունակէ Պահրէյնի ափերուն մօտ մնալ:

«Եգիպտոս կը գտնուի ճգնաժամային իրավիճակի մէջ: Երբ այդպիսի բաներ տեղի կ՛ունենան, մենք պէտք է ձեռնարկենք որոշ քայլերու` իրավիճակը վերահսկելու համար», ըսած է Ամոս:

Երէկ եգիպտական բանակը Մուրսիի համակիրներու ցոյցերուն սկիզբէն ժամեր առաջ Գահիրէի բոլոր մուտքերն ու ելքերը փակեց: Իսլամ եղբայրները Գահիրէի Ռապիհա Ատուիյայի հրապարակին վրայ հաւաք մը կատարեցին, իսկ «Թամարրոտ» շարժումը` Թահրիր հրապարակին վրայ:

Նախորդը

Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Մը Ընթացքին. Մալիքի Եւ Պայտըն Կը Քննարկեն Սուրիոյ Տագնապն Ու Շրջանային Զարգացումները

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.