Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (12 Յուլիս 1963)

July 12, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ Կեանք

ՀՅԴ Հիւսիսային Ամերիկայի Պատգամաւորականը
Աւարտած Է Իր Աշխատանքները

Ծաղկեպսակներ Դրուած Են Դրոյի Եւ
Ընկ. Մխիթարեանի Դամբարաններուն Վրայ

ՀՅԴ Հիւսիսային Ամերիկայի շրջանի Պատգամաւորական ժողովը սկսած էր Պրետֆըրտ պանդոկին մէջ, 30 յունիսի կիրակին, ութսունէ աւելի իրաւասու եւ հրաւիրեալ ընկերներու մասնակցութեամբ, արդէն իր աշխատանքները աւարտած է` ընկերական ջերմ ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ,  թեր ու դէմ արտայայտութիւններով եւ հաւաքական աշխատանքի գործակցութեան ոգիով:

Բազմաթիւ շրջաններէ, մարմիններէ ու ընկերներէ շնորհաւորական հեռագիրներ հասած էին, իսկ Քալիֆորնիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն ջերմ տողերով յաջողութեան մաղթանքներ ըրած էր:

Ժողովին մասնակից բոլոր ընկերներու, կոմիտէութեան ներկայացուցիչներու, համակիրներու եւ ընտանեկան պարագաներու հաւաքական ներկայութեամբ, յարգանքի տպաւորիչ արտայայտութիւն մը տեղի ունեցած  է Ուոթըրթաունի զոյգ գերեզմանատուներու մէջ, ողբացեալ ընկերներ Դրոյի եւ Գ. Մխիթարեանի շիրիմներուն առջեւ:

Տեղի ունեցած է հոգեհանգստեան պաշտօն եւ յանուն Պատգամաւորական ժողովի, ծաղկեպսակներ զետեղուած են զոյգ դամբարաններուն վրայ:

Ապա խոր յուզումով ու հաւատքով ներկաները ներկաները «Վէրքերով լի» երգած են Դրոյի գերեզմանին վրայ եւ «Մենք անկեղծ զինուոր ենք»-ը` ընկ. Գ. Մխիթարեանի գերեզմանին վրայ:

ՀՅԴ Ուոթըրթաունի կոմիտէին նախաձեռնութեամբ եւ Կ. կոմիտէին մասնակցութեամբ մեծ ճաշկերոյթ մը կազմակերպուած է «Բաբգէն Սիւնի» ակումբին մէջ` ի պատիւ պատգամաւոր բոլոր ընկերներուն:

Հ. Աճառեանի Յիշատակին

Պետական համալսարանին մէջ գիտական նիստ մը գումարուած է Հրաչեայ Աճառեանի յիշատակին: Նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերած են փրոֆեսէորներ, դասախօսներ, ուսանողներ եւ մեծ թիւով համալսարանականներ:

Մեծանուն լեզուագէտին կեանքն ու գործը ներկայացուցած է ակադ. Էդ. Աղայեան, իսկ ուսումնասիրութիւններ կարդացած են վրացի ակադեմական մը եւ զանազան փրոֆեսէորներ:

Մոնրէալի Հայ Գաղութը

Մոնրէալէն ղրկուած անձնական նամակէ մը կը քաղենք հետեւեալ տեղեկութիւնները.-

Հայերու թիւը արագօրէն կ՛աճի Մոնրէալի մէջ: Ազգային կեանքը կամաց-կամաց կը ձեւաւորուի: Ս. Յակոբ եկեղեցիին եւ յարակից սրահին մէջ ամէն օր եռուզեռ կայ: Սրահը բաց է ամէն գիշեր:

Ուրբաթ երեկոները հայ կիներու կողմէ պատրաստուած կերակուրներ կը մատուցուին մատչելի գիներով:

Ամէն կիրակի եկեղեցին արարողութիւն կը կատարուի: Այցելու քահանաներ եւ վարդապետներ կու գան: Շուտով գաղութը պիտի ունենայ իր մնայուն քահանան: Շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ վարժարաններ ալ կան:

Գոյութիւն ունի սկաուտական կազմակերպութիւն մը: Հաւաքոյթներ, հանդէսներ, պարահանդէսներ պակաս չեն: Կը կատարուին նաեւ դաշտապտոյտներ:

Կայ նաեւ ֆութպոլի խումբ մը: Անցեալ տարի Մոնրէալի առաջնութիւնը շահեցաւ: Մեծ հաւանականութիւններ ունի նաեւ շահելու այս տարի:

Ամէն ամիս կը հրատարակուի «Լրաքաղ» պարբերաթերթը:

Շատ լաւ մթնոլորտ մը կը տիրէ Մոնրէալի մէջ: Տեղացիները բարեացակամ են հայերու հանդէպ:

Մտածելու, աշխատելու եւ ապրելու ձեւ մը Քանատայի մէջ, որ քանատական ձեւ կը կոչուի:

Անոնք, որոնք կրնան յարմարիլ Քանատայի կեանքի պայմաններուն, կրնան յաջողիլ: Ամէն  ջանք թափելու է կարենալ յարմարելու եւ գոհ ըլլալու համար:

Բարեբախտաբար ամէն հնարաւորութիւն կայ ազգային ինքնուրոյն դիմագիծը պահելու: Քանատացին գիտէ գնահատել: Կը յարգէ նորեկներուն սովորութիւնները, եթէ նորեկն ալ գիտնայ յարգել իրենները:

Հայ Քահանայ Կը Ղրկուի Տիգրանակերտ

Կիրակոս Քահանայ Թոքաթլեան
Ստանձնած Է Իր Պաշտօնը

Նորընծայ տէր Կիրակոս քհնյ. Թոքաթլեան, նշանակուած ըլլալով Տիգրանակերտի հոգեւոր հովիւ, հինգշաբթի, 27 յունիսին հասած է իր պաշտօնատեղին եւ դիմաւորուած է եկեղեցւոյ իշխաններուն (Տիգրանակերտի մէջ թաղական խորհրդոյ անդամները իշխան կը կոչուին) եւ խուռներամ հաւատացեալներու կողմէ:

Առաջնորդուելով ուղղակի Ս. Կիրակոս եկեղեցի, պատշաճ աղօթքը կատարելէ ետք, մաղթանքներ ըրած է: Ապա առաջնորդարան (խորհրդարան) երթալով` ընդունած է շնորհաւորութիւնները հաւատացեալ ժողովուրդին:

Տիգրանակերտի հայութեան ուրախութիւնը անսահման եղած է, որովհետեւ ասկէ ետք պիտի ունենան իրենց մնայուն քահանան:

28 յունիս, ուրբաթ առաւօտեան ժամերգութենէն ետք, այցելած է տեղւոյն նորակառոյց գերեզմանատունը եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարած նախկին հոգեւոր հովիւ հանգուցեալ Արսէն քահանայի շիրիմին վրայ:

Կիրակի, յունիս 30-ին, Ս. պատարագ մատուցած է, նախագահութեամբ Տ. Պետրոս քահանայի եւ ներկայութեամբ խուռներամ ջերմեռանդ հաւատացեալներու:

Ս. պատարագի ընթացքին խօսած է թրքերէն քարոզ մը (քարոզը Տիգրանակերտի մէջ պարտաւորիչ է թրքերէն լեզուով)` բացատրելով սիրոյ եւ համերաշխութեան իմաստը:

Ս. պատարագէն ետք առաջնորդարանին մէջ հաւաքուած ժողովուրդին տուած է իր օրհնութիւնները եւ խոստացած է վառ պահել Ս. Կիրակոսի կանթեղը:

Երեկոյեան այցելութիւնը ընդունած է ասորիներու քահանային եւ թաղականութեան անդամներուն:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Քանդակներ, Ուր Կը Հանդիպին Արեւելքն Ու Արեւմուտքը

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.