Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Հայ Համայնքը Նախագահէն Խոստումներու Կատարում Կ՛ակնկալէ

July 11, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հրաչ Վարժապետեան

Հայ դատի ֆրանսական գրասենեակի պատասխանատու Հրաչ Վարժապետեան յայտնեց, որ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու խորհուրդը, որուն մէջ ընդգրկուած են ՀՅԴ-ն եւ Հայ դատի յանձնախումբը, կը ներկայացնէ Ֆրանսայի հայ համայնքի դիրքորոշումը` Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի նախագիծ նախաձեռնելու խոստումին հարցով:

Ըստ Վարժապետեանի, հայ համայնքը վերջին անգամ օրինագիծին վերաբերեալ հարցը բարձրացուցած է ապրիլ 24-ին, եւ տուեալ պահուն կը սպասէ, որ Ֆրանսայի նախագահը կատարէ իր խոստումը. «Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու խորհուրդը եւ անոր կազմին մէջ ընդգրկուած կազմակերպութիւնները կը նախընտրեն ամբողջ հայ համայնքի դիրքորոշումը արտայայտող յայտարարութիւն կատարել»:

Վարժապետեան նշեց, որ այդ հարցին վերաբերեալ հայկական առանձին կազմակերպութիւններու յայտարարութիւնները ցանկալի արդիւնքի պիտի չյանգեցնեն, քանի որ բաւականաչափ նշանակալի պիտի չըլլան. «Ի վերջոյ, այդ հարցով, որ կարեւոր է ոչ միայն Ֆրանսայի հայ համայնքին, այլեւ ամբողջ հայութեան համար, պէտք է զբաղին կազմակերպութիւնները, որոնք կը ներկայացնեն ամբողջ համայնքին շահերը: Հակառակ անոր որ մենք յաճախ կը կիսենք անոնց դիրքորոշումը, այսուհանդերձ, հարցը պէտք է բարձրացնէ կազմակերպութիւնը, որ երկրին մէջ կշիռք ունի»:

Նշենք, որ 23 յունուար 2012-ին Ֆրանսայի Ծերակոյտը ընդունած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը, որ, սակայն, Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը ճանչցած էր սահմանադրութեան հակասող: Իրադարձութիւնները տեղի  կ՛ունենային նախագահական ընտրութիւններու նախաշեմին, եւ երկու թեկնածուները` թէ՛ Հոլլանտ, թէ՛ Սարքոզի նախագիծի կողմնակիցներն էին: Այժմու նախագահ Հոլլանտ խոստացած էր նոր օրինագիծի նախաձեռնել:

 

Նախորդը

Հարաւային Արուարձաններու Բնակչութիւնը Կը Փորձէ Վերադառնալ Իր Առօրեային

Յաջորդը

ՀՅԴ-ն Չի Շարժւում Անհատի Քմահաճոյքներով

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.