Մարոնի պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսը յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Պքերքէի միջեւ երկխօսութեան նիստին վրայ լուսարձակները լայն բացուած են այս հանգրուանին: Ան աւելցուց, որ երկխօսութեան այդ յանձնախումբը պարբերաբար կը հանդիպի, եւ մարոնի եպիսկոպոսներուն ու Հըզպալլայի միջեւ յարաբերութիւնները չեն խզուած:
Մազլում եպիսկոպոսը շեշտեց, որ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութիւնը պէտք է լաւ կարդալ եւ լաւ ըմբռնել` աւելցնելով, որ այդ հաղորդագրութիւնը ակնարկած է միլիսներուն զէնքին եւ ոչ թէ Դիմադրութեան զէնքին:
Մազլում եպիսկոպոսը աւելցուց, որ պետութեան զէնքին կառչած մնալու իմաստով Պքերքէի կեցուածքները յստակ են:
Միւս կողմէ, Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ Ղալեպ Ապու Զէյնապ յայտնեց, որ Պքերքէի հետ յարաբերութիւնները լաւ են եւ ճիշդ հունի մէջ կ՛ընթանան:


