Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գահիրէի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը Եգիպտական Հարցերուն Թրքական Միջամտութեան Հարցով Կը Կանչուի

July 11, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երեքշաբթի օր իր մօտ կանչած է Գահիրէի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը` անոր փոխանցելու համար Եգիպտոսի ներքին հարցերուն Թուրքիոյ միջամտութեան վերաբերող բողոք մը:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական հարցերով օգնական Հաթեմ Սէյֆուլնասր Գահիրէի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հիւսէյն Աւնի Պոսթամալըն կանչած է` «իբրեւ բողոք Թուրքիայէն կարգ մը ձայներու ՄԱԿ-էն ու շրջանային կողմերէ Եգիպտոսի մէջ ներքին զարգացումներուն միջամտելու կոչին եւ շարք մը երկիրներու հետ Թուրքիոյ մագլցողական վերաբերմունքին` փորձելով զանոնք Եգիպտոսի նկատմամբ նոյնպիսի կեցուածքի մղել»:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ «այդ ձայներն ու փորձերը» ոչ միայն Եգիպտոսի մէջ քաղաքական բեմին վրայ արձանագրուած իրադարձութեանց մասին «սխալ հասկացողութեան» մը արտայայտութիւնն են, «այլ նաեւ եգիպտական ներքին հարցերուն միջամտութիւն մը կ՛արտացոլեն»:

Նախարարութիւնը շեշտեց, որ Եգիպտոս նախանձախնդիր կը մնայ բարեկամ բոլոր երկիրներուն հետ լաւ յարաբերութեանց պահպանման եւ յոյս յայտնեց, որ «Թուրքիա վերատեսութեան կ՛ենթարկէ այս կեցուածքը», որ երկու ժողովուրդներուն եւ երկիրներուն պատմական յարաբերութեանց շահերէն չի բխիր:

Շարք մը թուրք ղեկավարներ Եգիպտոսի նախկին նախագահ Մոհամետ Մուրսիի հեռացումը զինուորական յեղաշրջում մը եւ ոչ թէ ժողովրդային յեղափոխութիւն մը նկատած էին: Տագնապը առաւել եւս սրած էր, երբ եգիպտական իշխանութիւնները ձերբակալած էին չորս թուրք լրագրողներ, որոնք Եգիպտոսի տարածքին առանց առնչակից կողմերու պաշտօնական արտօնագիրին եւ առանց լրագրողի փաստաթուղթերու կը գործէին: Թրքական «Հապեր» եւ «Սթար» պատկերասփիւռի կայանի աշխատակիցները ձերբակալուած էին Ռապեհա Ատուիյա մզկիթին մօտ, ուր Մուրսիի հազարաւոր համակիրներ նստացոյց մը կը կատարեն:

Եգիպտական կողմը երէկ ազատ արձակեց նշեալ չորս թուրք լրագրողները:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Զգուշացուցած Են Ռուսիան Սնոուտընին Օգնելէ

Յաջորդը

Եգիպտոսի Մէջ. Իսլամ Եղբայրներու Ղեկավարներու Ձերբակալման Գիր Հրապարակուեցաւ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.