Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հսկայ Պայթում Մը Ցնցեց Հարաւային Արուարձանները` Խախտելով Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը

July 10, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, հսկայ պայթում մը ցնցեց Պէյրութի Հարաւային արուարձանները` պատճառելով 54 վիրաւոր եւ նիւթական հսկայական վնասներ:

Հարաւային արուարձաններուն պայթումը պատահեցաւ խիտ բնակչութիւն ունեցող Պիր Ապըտ շրջանին մէջ:

Պիր Ապըտը թիրախ դարձնողը նոյն շրջանին մէջ գտնուող «Քարտ Հասան» կառատան մէջ «Նիսան 4×4» տիպի ականուած ինքնաշարժ մըն էր: Ականուած այս ինքնաշարժը պայթած էր Իսլամական համագործակցութեան կեդրոնին կից:

Ապահովական ուժերուն բացած հետաքննութեան նախնական արդիւնքներուն համաձայն, ականը 35 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթ կը կրէր:

Ռամատանի առաջին օրուան ընթացքին կատարուած այս ոճրային արարքին նպատակն էր կարելի եղածին չափ մեծ թիւով մարդկային վնասներ պատճառել:

Պայթումը պատճառեց նաեւ նիւթական մեծ վնասներ` շրջանին մէջ գտնուող շէնքերուն եւ վաճառատուներուն, ինչպէս նաեւ նոյն կառատան մէջ գտնուող ինքնաշարժներուն պարագային:

Դէպքին վայրը փութացին բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը, որոնք շրջափակեցին շրջանը եւ քաղաքացիներէն պահանջեցին ուղղուիլ իրենց բնակարանները:

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել ուղղուեցաւ դէպքին վայրը:

Շարպել դատապարտեց գործուած պայթումը` ընդգծելով հետաքննութեան կարեւորութիւնը` քողազերծելու համար պայթումին ծալքերը:

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել` դէպքին վայրը այցելելու ընթացքին

«Ոճրային այս արարքին նպատակն է քանդել երկիրը եւ համայնքային, յատկապէս շիի-սիւննի գրգռութիւններ հրահրել», հաստատեց Շարպել` աւելցնելով, որ նման գրգռութիւններ մերժելի են երկու համայնքներուն կողմէ:

Նշենք, որ Շարպել Պիր Ապըտէն մեկնումի պահուն քարկոծուեցաւ շրջանին բնակչութեան կողմէ: Երեկոյեան երեսփոխան Ալի Ամմար հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Շարպելի հետ եւ դատապարտեց դէպքին վայրը գտնուած պահուն անոր դէմ կարգ մը ընդվզած քաղաքացիներուն կողմէ արձակուած ինքնաբուխ արտայայտութիւնները:

Ներքին ապահովութեան ուժերուն ընդհանուր տնօրէնը փոխարինող գնդապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս եւ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըր ժամանեցին դէպքին վայրը:

Պիր Ապըտ ուղղուեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր, որ կոչ ուղղեց իմաստուն գտնուելու եւ զգաստ ըլլալու Լիբանանը դաւադրութիւններու մղող յայտարարութիւններէն, որոնք կը միտին համայնքային եւ յարանուանական  գրգռութիւններ հրահրել:

Աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Սելիմ Ժրայսաթի դէպքին վայրէն իր կատարած յայտարարութեան մէջ նշեց, որ Հարաւային արուարձանները գոյամարտի ամրոց կը նկատուին. անոնք 33 օր շարունակ դիմացած են միջազգային ահաբեկչութեան: «Իսկ այսօր գաճաճ ոճրագործներ եկած են անոր գոյամարտի կա՞մքը փաստելու. անոնք հաստատ սխալ հասցէ եկած են: Մենք բոլորս գիտենք, որ Դիմադրութիւնը թիրախ է, սակայն այլեւս պէտք է վերջ տրուի Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան զէնքին եւ ռազմավարական կարիքին մասին կատարուած չարակամ հարցադրումներուն: Մենք կը զօրակցինք Դիմադրութեան եւ կը դատապարտենք ապահով շրջան մը անարգ պայթումի թիրախ դարձնելու արարքը», ըսաւ ան:

 

 

 

 

 

 

 

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ ուղղուեցաւ պայթումին վայրը, ուրկէ յայտարարեց, որ Հարաւային արուարձանները հարուածող պայթումը երկչոտ արարք մըն է, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը կը հարուածէ` աւելցնելով, որ իրենք եւ Դիմադրութիւնը միաձուլուած են:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Մըքտատ պայթումին վայրէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ նշեց, որ դէպքին պատգամը յստակ է` աւելցնելով, որ այդ պայթումին պատասխանատու են բոլոր անոնք, որոնք գրգռութիւններ կը հրահրեն շրջանին մէջ:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ամմար պայթումին վայրէն շեշտեց, որ պայթումին ընդմէջէն կարելի է շօշափել թշնամի Իսրայէլին մատնահետքերը:

Հարեթ Հրէյքի քաղաքապետ Զիատ Ուաքետ իր կարգին շեշտեց, որ քաղաքացիական ապահովութեան ուժերը, բանակը եւ ապահովութեան ուժերը ամէն ջանք ի գործ դրած են երաշխաւորելու շրջանին ապահովութիւնը:

Նշենք, որ Պապ Թըպպանէի մէջ հրավառութիւն կատարուեցաւ` Հարաւային արուարձաններուն մէջ պայթումին առիթով «հրճուանքի» իբրեւ արտայայտութիւն:

Միւս կողմէ, անպաշտօն աղբիւրներ հաղորդած էին, որ Հըզպալլա տեղեակ էր, որ օտար ինքնաշարժ մը մուտք գործած է Հարաւային արուարձաններ, եւ նախքան պայթումը քայլ առ քայլ շրջանը կը հետախուզէր` գտնելու համար այդ ինքնաշարժը:

«Պահման» Հիւանդանոցէն

Պիր Ապըտի մէջ արձանագրուած պայթումին պատճառով արձանագրուած վիրաւորներուն մեծ մասը փոխադրուեցաւ Հարաւային արուարձաններուն մէջ գտնուող հիւանդանոցները:

Վիրաւորներէն մեծ թիւ մը փոխադրուեցաւ «Պահման» հիւանդանոց, ուր այցելեց առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ:

Հասան Խալիլ յայտնեց, որ վիրաւորներուն մեծ մասը թեթեւօրէն վիրաւորուած է եւ դարմանումէն ետք մեկնած է հիւանդանոցէն, բացի 13 պարագայէ: Ան շեշտեց, որ պայթումը զոհեր չէ պատճառած:

«Պահման» հիւանդանոցի ընդհանուր տնօրէն Ալի Քարիմ յայտնեց, որ վիրաւորները արդէն իսկ անհրաժեշտ դարմանումը ստացած են եւ առողջական կայուն վիճակի մէջ են:

Դատապարտումի Ալիք

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման դատապարտեց Հարաւային արուարձանները թիրախ դարձուցած պայթումը, որ վիրաւորներ եւ նիւթական հսկայական վնասներ պատճառած էր:

Նախագահ Սլէյման նշեց, որ նման արարքներու վերադարձը լիբանանցիներուն յիշողութեան մէջ կ՛արթնցնէ սեւ էջեր, որոնք արձանագրուած են եւ որոնց ջնջումին համար լիբանանցիները մեծ ջանքեր կը թափեն:

Նախագահ Սլէյման բանակէն եւ ապահովութեան ուժերէն պահանջեց իրենց հետախուզութիւնները խստացնել` բացայայտելու համար յանցագործները եւ ապահովութիւն ընծայելու քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ յանցագործները փոխանցելու համապատասխան դատական ատեանին:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նշեց, որ Հարաւային արուարձանները թիրախ դարձուցած քստմնելի պայթումին նպատակն էր կարելի եղածին չափ մեծ թիւով զոհեր եւ քանդում արձանագրել, եթէ աստուածային հրաշքով շրջանը փրկուած չըլլար:

Պըրրի յայտնեց, որ պայթումին նպատակն էր նաեւ ներքին լիբանանեան խլրտումներ ստեղծել, հետեւաբար անհրաժեշտ է մնալ զգաստ:

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն դատապարտեց Հարաւային արուարձաններուն մէջ արձանագրուած պայթումը` հաստատելով, որ Լիբանան պիտի չներքաշուի իրեն համար նիւթուող սադրանքներուն գիրկը:

Ղոսըն շեշտեց, որ լիբանանցիները պիտի կարենան շրջանցել այս հանգրուանը:

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ խստիւ դատապարտեց Հարաւային արուարձանները թիրախ դարձուցած պայթումը եւ ապահովական ուժերէն խնդրեց անմիջապէս հետաքննութիւն բանալ անոր շուրջ:

Ֆրենժիէ լիբանանեան քաղաքական կողմերուն կոչ ուղղեց վերջ տալու համայնքային եւ յարանուանական գրգռութիւններ հրահրող բառամթերքի օգտագործումին, որովհետեւ անիկա կը սպառնայ լիբանանեան ներքին ապահովական կայունութեան:

Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Հարաւային արուարձանները հարուածած պայթումին մատնահետքերը յստակ են` աւելցնելով, որ այդ արարքին պատասխանատու են այն մայրաքաղաքները, որոնք կը ֆինանսաւորեն շրջուն ահաբեկչութիւնը: Ան ըսաւ, որ դէպի Լիբանան ականուած ինքնաշարժ ղրկողը նոյն այն կողմն է, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի ականուած ինքնաշարժները կը ֆինանսաւորէ:

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ Պիր Ապըտի դէմ պայթումը ցոյց կու տայ ահաբեկչութեան եւ ոճիրի գոյութիւնը, որ կը միտի ամբողջ Լիբանանը պայթեցնել:

Վարչապետ Թամմամ Սալամ Հարաւային արուարձաններուն մէջ պատահած պայթումը նկատեց անարգ ոճիր մը, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը կը միտի խախտել, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն միջեւ սադրանքներ բռնկեցնել:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Հարաւային արուարձանները թիրախ դարձնելը համազօր է Լիբանանի ազգային ապահովութիւնը թիրախ դարձնելուն:

Նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ յայտնեց, որ ոճրային այս արարքը թիրախ կը դարձնէ լիբանանեան միասնականութիւնը:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի պահանջեց զգաստ ըլլալ եւ զգուշանալ սադրանքներէն:

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա կոչ ուղղեց զգուշանալու այս հանգրուանին Լիբանանի դէմ նիւթուող դաւադրութիւններէն:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի յայտնեց, որ Հարաւային արուարձանները թիրախ դարձուցած պայթումը ոճրային արարք մըն է, որ կը միտի խախտել երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց զգուշանալու դաւադրութիւններէն: Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն կառչած մնալու իրենց միասնականութեան եւ համախմբուելու բանակին շուրջ:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ ըսաւ, որ Պիր Ապըտի պայթումը ամբողջ Լիբանանը թիրախ կը դարձնէ:

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան նշեց, որ Հարաւային արուարձանները կը վճարեն Իսրայէլի եւ ուրիշը անհաւատ նկատող հոսանքներուն դէմ գործադրուած դիմադրութեան գինը:

Նասըրական շարժումի ղեկավար, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատ ըսաւ, որ Հարաւային արուարձաններուն մէջ պատահածը` կրակին վրայ ձէթ թափելու իմաստով, ոսկեայ առիթ մըն է Իսրայէլի համար:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ապահովական եւ դատական կառոյցներէն պահանջեց լուրջ վարուելակերպ ցուցաբերել` պայթումին ծալքերը բացայայտելու առումով:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Պիր Ապըտի պայթումը` վերահաստատելով Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ ահաբեկչութեան մերժումին նկատմամբ իր կառչածութիւնը:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` պահպանելու ազգային միասնականութիւնը եւ հեռու մնալու բռնարարքներէն:

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի յայտնեց Միացեալ Նահանգներու դատապարտումը Լիբանանի մէջ արձանագրուած որեւէ բռնարարքի եւ կոչ ուղղեց ինքնազսպումի:

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի դատապարտեց պայթումը` շեշտելով, որ անիկա կը միտի խախտել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման Քննարկեց Տարբեր Նախարարութեանց Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.