Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսլամ Եղբայրները Կը Մերժեն Նախագահ Մանսուրի` Ընտրութիւններու Ժամանակացոյցի Հրամանագիրը

July 10, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ատլի Մանսուր

Եգիպտոսի Իսլամ եղբայրներու բարձրաստիճան պաշտօնատարները մերժեցին Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահ Ատլի Մանսուրի` նոր ընտրութիւններու համար ժամանակացոյցի հրամանագիրը:

Հրամանագիրը ժամանակաւոր նախագահը կը լիազօրէ նոր կառավարութեան հետ խորհրդակցելէ ետք նոր օրէնքներ հրապարակելու եւ 15 օրուան ընթացքին սահմանադրութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու համար յանձնախումբ մը կազմելու:

Ըստ հրամանագիրին, նախագահը սահմանադրութեան բարեփոխման ծրագիրի հրապարակումէն ոչ աւելի քան երկու ամիս ետք խորհրդարանական ընտրութիւններու կը հրաւիրէ եւ նորընտիր խորհրդարանի առաջին նիստէն ետք երկարող մէկ շաբթուան ընթացքին նախագահական ընտրութիւններու կայացման կոչ կ՛ուղղէ:

Իսլամ եղբայրներու քաղաքական թեւը` Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութիւնն ու Կառուցում եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը հրամանագիրը անհիմն եւ անվաւեր նկատեցին:

Իսլամ եղբայրներու քաղաքական թեւի փոխնախագահ Իսամ Արիան յայտնեց, որ սահմանադրական բարեփոխումներն ու յառաջիկայ տարուան ընտրութիւնները «երկիրը առաջին կէտին կը վերադարձնեն»:

Կուսակցութեան իրաւաբանական հարցերու խորհրդական Ահմետ Ապու Պարաքեհ ըսաւ, որ հրամանագիրը «անվաւեր եւ անօրինական է»:

Սալաֆական «Նուր» կուսակցութեան բարձրագոյն խորհուրդի անդամ Ամրօ Մաքի յայտնեց, որ հրամանագիրը ընդհանուր առմամբ լաւ է եւ եգիպտացի ժողովուրդին մտահոգութիւնները փարատող պատգամ մը կ՛ուղղէ` թէ օրէնսդրութեան երկարատեւ դադրեցումէն ետք գոյութիւն ունի յոյս մը օրէնսդրութիւն կատարելու, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի ազատութեանց հարցին:

«Թամարրոտ» շարժումի բանբեր Հասան Շահին յայտնեց, որ ժամանակաւոր նախագահին հրապարակած հրամանագիրին շուրջ շարժումին հետ խորհրդակցութիւն տեղի չէ ունեցած` նշելով, որ իրենք այդ հարցով բարեփոխումներ պիտի առաջարկեն:

Միւս կողմէ, Ազհարի շէյխ Ահմետ Թայէպ զգուշացուց Եգիպտոսի մէջ քաղաքացիական պատերազմէ մը եւ ըսաւ, որ ինք պիտի մեկուսանայ, մինչեւ որ բռնարարքները վերջ գտնեն:

«Թուտէյզ Զաման» հաղորդեց, որ թրքական «Սթար Թի.Վի.»-ի պատասխանատուներէն Նազլը Էօզթարհան «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ «Սթար Թի.Վի.»-ի լրագրող Մուրաթ Ուսլու եւ նկարիչ Զաֆեր Քարաքաշ եգիպտական բանակին կողմէ ձերբակալուած են: Էօզթարհան նաեւ ըսած է, որ Գահիրէի մէջ թրքական դեսպանատունը աշխատանք կը տանի անոնց ազատ արձակման համար:

 

Նախորդը

«Ռուսիա Արեւելեան Եւրոպայի Երկիրներուն Մէջ Իր Ազդեցութիւնը Կ՛ուժեղացնէ» Կ՛ըսէ Լիթուանիոյ Նախագահը

Յաջորդը

«Իրան Կը Շարունակէ Սուրիոյ Տագնապի Խաղաղ Լուծման Կոչ Ուղղել» Կ՛ըսէ Արաքժի

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.