
Միացեալ Նահանգներու բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Մարթին Տեմփսի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ մէջ կը դիմագրաւէ անել կացութիւն մը, որուն լուծումը կրնայ տասը տարի տեւել:
Տեմփսի «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապը կը վերածուի շրջանային տագնապի մը, որ կապ ունի սիւննիներու եւ շիիներու միջեւ ճակատումին հետ, որ կը տարածուի Լիբանան եւ Իրաք:
Ան նշեց, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմը «ամերիկեան միջոցներ տրամադրելով կռիւը դադրեցնելու պարզ հարց մը չէ, այլ ինծի կը թուի, որ պէտք է հասկնանք, որ պատերազմը սկսելէն առաջ պէտք է ըմբռնենք, թէ խաղաղութիւնը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ»:
Սուրիոյ ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նորընտիր նախագահ Ահմետ Ժարպա նախատեսեց, որ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ տրամադրուած արդիական զէնքերը մօտ օրէն զինեալ ընդդիմութեան հասնին: Ան «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «ընդդիմութիւնը «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին պիտի չմասնակցի, եթէ իր զինուորական դիրքը ուժեղ չըլլայ»` աւելցնելով, որ «ներկայ պայմաններուն տակ այդ խորհրդաժողովը անկարելի է»:
Միւս կողմէ, ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ իշխող Պաաս կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի բոլոր անդամները, ներառեալ` Ֆարուք Շարեհ փոփոխութեան ենթարկուած են, եւ այդ փոփոխութեան լոյսին տակ կառավարութեան մէջ եւս սահմանափակ փոփոխութիւն մը տեղի պիտի ունենայ:


