Հըզպալլայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ կտրականապէս հերքուեցաւ այն լուրը, թէ ընտանեկան հարցի մը պատճառով անծանօթներ կրակ բացած են երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Հիւսէյն Հաժ Հասանի բնակարանին ուղղութեամբ:
Հըզպալլայի հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղուեցաւ բոլոր լրատուամիջոցներուն զգուշանալու նման լուրերու սփռումէն ու հրապարակումէն, նախքան այդ լուրերուն ստոյգ ըլլալը փաստելը:


