Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաւաբաններու Համահայկական Երկրորդ Համաժողովը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

July 6, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ իրաւաբաններու համահայկական երկրորդ համաժողովը` «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրով:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ողջոյնի խօսք յղեց Իրաւաբաններու համահայկական երկրորդ համաժողովի մասնակիցներուն: Ան ողջունեց ներկաները եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ մէկ յարկի տակ հաւաքուած են հայ իրաւագիտական միտքի յայտնի ներկայացուցիչները: Նախագահը նշեց, որ համահայկական մասնագիտական նախաձեռնութիւնները դարձած են Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան կարեւորագոյն ուղղութիւններէն մէկը եւ անոնք արդէն որոշակի արդիւնքներ կու տան` բացայայտելով աշխարհասփիւռ հայութեան ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործման նորանոր օրինակներ: Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ երբեք պատահական չէ, թէ հայ իրաւաբաններու ուշադրութեան կեդրոնը կը գտնուին Հայոց ցեղասպանութեան իրաւական հիմնախնդիրները: Նախագահ Սարգսեան գնահատեց իրաւաբաններու տեսական եւ գործնական աշխուժ մասնակցութիւնը Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթներուն մէջ, ինչպէս նաեւ անոնց ջանքերը տարբեր երկիրներու պետական եւ քաղաքական կառոյցներուն ուշադրութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին բեւեռելու եւ ճշմարտութիւնը համայն աշխարհին ներկայացնելու ուղղութեամբ` նպաստելով աշխարհի որեւէ կէտի մէջ ցեղասպանութեան ահաւոր ոճիրի կրկնութեան կախարգիլման:

Նախագահ Սարգսեան շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, դատապարտումը եւ անոր հետեւանքներու վերացումը մշտապէս արդիական հարցեր պիտի մնան: Հայաստանի նախագահը ընդգծեց, որ քանի տակաւին գոյութիւն ունի հայոց պետութիւնը` անյաջողութեան պիտի մատնուին այս պատմական իրողութիւնը ուրանալու եւ մոռացութեան մատնելու բոլոր փորձերը: Ըստ նախագահին, մարդկութեան դէմ գործուած մեծագոյն այս ոճիրը պէտք է մէկ անգամ ընդմիշտ ճանչցուի եւ դատապարտուի` նախ եւ առաջ Թուրքիոյ կողմէ:

«Սիրելի՛ բարեկամներ, ապրիլ 2011-ին ձեւաւորուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովը, կազմաւորուեցան միջազգային խորհրդատուական խումբը, ինչպէս նաեւ սփիւռքի համապատասխան շրջանային յանձնախումբերը: Ձեզմէ շատերը, անկասկած, արդէն աշխուժօրէն ներգրաւուած են այդ աշխատանքներուն մէջ: Այսօր` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարելիցի նախաշէմին, դուք կրնաք մէկտեղել ձեր գիտելիքն ու փորձառութիւնը, կատարել առաջարկներ եւ գիտական եզրակացութիւններ», ընդգծեց Հայաստանի նախագահը:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը Պէտք Է
Ստանայ Իր Կորսնցուցած Հողերը

Համաժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեան, որ ի միջի այլոց ըսաւ. «Խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման մասին` մենք հիմնական պատասխանատու կը նկատենք Թուրքիան: Թուրքիան, իրաւաբանական լեզուով ըսած, ոճրագործութեան կատարողն է: Եւ ատիկա այդպէս է: Բայց մենք` իրաւաբաններս, լաւ գիտենք, որ ոճրագործները յաճախ կ՛ունենան յանցակիցներ` կազմակերպիչներ, դրդիչներ, օժանդակողներ: Իսկ եղա՞ծ են արդեօք անհատ անձեր, միջազգային բացայայտ կամ գաղտնի կազմակերպութիւններ, ժողովուրդներ եւ պետութիւններ, որոնք կազմակերպած, օժանդակած կամ դրդած են Հայոց ցեղասպանութիւնը իրականացնողներուն: Եւ գլխաւորը` ի՛նչ նպատակով: Գրականութեան մէջ արդէն յայտնուած են որոշ տեղեկութիւններ Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպիչներուն, օժանդակողներուն, նոյնիսկ համակատարողներուն մասին: Բայց այդ տեղեկութիւններուն մէջ ներկայացուած միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ պետութիւններուն մասին ես առայժմ կը լռեմ, քանի որ անոնք սոսկ վարկածներ են, որոնք իրաւական լուրջ հետազօտութիւններու կարիք ունին»:

«Ինչպիսի՞ն է փոխհատուցում ստացող ենթականերու շրջանակը: Անիկա պէտք է ընդգրկէ ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգնե՞րը, Հայ առաքելական եկեղեցի՞ն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, թէ՞ բոլորը միասին: Իմ խորին համոզումովս, Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգները պէտք է նիւթական փոխհատուցում ստանան, հայ եկեղեցիին պէտք է վերադարձուին Թուրքիոյ տարածքին հրաշքով կանգուն մնացած եկեղեցիները եւ եկեղեցապատկան հողերը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է ստանայ իր կորսնցուցած տարածքները եւ այլն: Բայց այդ բոլոր պահանջները պէտք է ունենան անթերի իրաւական հիմնաւորումներ», ընդգծեց գլխաւոր դատախազը:

 

 

Նախորդը

Ըստ Ազրպէյճանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին. Ֆրանսա Իր Ներդրումը Պիտի Ունենայ Ղարաբաղի Խնդիրին Մէջ

Յաջորդը

Հայաստան Երէկ Նշեց Սահմանադրութեան Օրը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.