Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բանակը Անմիջապէս Պէտք Է Վերջ Դնէ Զինեալ Երեւոյթներուն` Առանց Քաղաքական Որեւէ Որոշումի Սպասելու» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

July 6, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Էն. Պի. Էն.»  պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ողջունեց եգիպտացի ժողովուրդը` անոր քաղաքակիրթ ցոյցերուն համար:

«Եգիպտացիները խաղաղ միջոցներով կրցան տապալել նախագահներ Մուպարաքը եւ Մուրսին: Դժբախտաբար Իսլամ եղբայրները չկրցան եգիպտացի ժողովուրդին ձգտումներուն համաձայն վարուելակերպ ցուցաբերել: Աշխարհը մնայուն զարգացումի մէջ է եւ կարելի չէ ետդարձ կատարել: Իսլամ եղբայրները իրենց մտայնութեամբ եւ վարուելակերպով չկրցան բռնատիրութեան վերջ մը դնել եւ ժողովրդավարական վարչակարգ մը ստեղծել», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ժողովրդավարութեան իմաստին շուրջ թիւրիմացութիւն մը գոյութիւն ունի: «Ժողովրդավարութիւնը պարզապէս ընտրութիւններ եւ քուէներ չի նկատուիր, այլ ժողովրդավարութիւնը հաստատութիւններ է, գործող համակարգ է, մշակոյթ է, ազատ արտայայտուելու եւ ազատ խօսքի իրաւունք է, իշխանութիւններու բաժանում է, մտքի եւ կրօնի ազատութիւն է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ եգիպտացի ժողովուրդը փաստեց, որ ժողովրդավարութեան չափանիշը միայն քուէատուփը չէ:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ Եգիպտոսի մէջ իսլամական քաղաքականութիւնը ձախողած է` հաստատելով, որ իսլամական կամ քրիստոնէական քաղաքականութիւնը իրեն համար մերժելի իրականութիւններ են: «Ես կը զօրակցիմ ժողովուրդին իշխանութեան եւ քաղաքացիական պետութեան մը, ուր իւրաքանչիւրը ազատօրէն կը կատարէ իր կրօնական ծիսակատարութիւնը», ըսաւ ան:

«Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ, վարչապետ Էրտողան եւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը փորձեցին թրքական իրենց օրինակը արտածել Եգիպտոս եւ այլ տեղեր: Այդ օրինակը, որ հիմնուած է իսլամական չափաւորականութեան եւ մարդկային իրաւունքներու նկատմամբ յարգանքի հիման վրայ: Բայց 25 յունուարի յեղափոխութենէն սկսեալ մենք վկայեցինք, որ թրքական օրինակը Եգիպտոսի մէջ չի գործադրուիր», շեշտեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի յարմար նկատեց, որ Թուրքիա իր ներքին հարցերով զբաղի, ըլլան անոնք քաղաքական, թէ տնտեսական:

«Միացեալ Նահանգներ եւ Արեւմուտքը այսօր հասած են այն համոզումին, որ շրջանին մէջ  բռնի ուժով կարելի չէ փոփոխութիւններ կատարել», յայտնեց Յ. Բագրատունի:

Ներքին լիբանանեան իրադարձութիւններուն եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիի` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կատարած այցելութեան առիթով հնչած մեկնաբանութիւններուն անդրադառնալով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ սէուտցի դեսպանը առաջին անգամ չէ, որ կ՛այցելէ զօր. Աունի եւ պէտք չէ մոռնալ, որ քանի մը ամիս առաջ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ քանի մը անգամ հանդիպումներ ունեցաւ Ասիրիի հետ` Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան մէջ:

«Ի՞նչ է հարցը, եթէ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը զօր. Աունի այցելած է. ինչո՞ւ որոշ կողմեր նեղացած են այդ այցելութենէն», հարց տուաւ Յ. Բագրատունի:

Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ոմանք Սէուտական Արաբիան կ՛ամբաստանեն լիբանանեան քաղաքական որոշ խմբաւորումներու հետ աւելի մտերիմ ըլլալու յանցանքով, իսկ ուրիշներ Իրանը կ՛ամբաստանեն Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն հետ մտերիմ ըլլալու յանցանքով:

«Բայց ամէնէն ճիշդը այդ է, որ Սէուտական Արաբիա եւ Իրան լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ ըլլան եւ լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամուխ չդառնան», ըսաւ ան:

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու մասին ՀՅԴ-ի կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այդ իմաստով մշակուած եւ խորհրդարանին ներկայացուած օրինագիծը զօր. Քահուաժիի համար չէր կատարուած, այլեւ` ներքին ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆիի համար: «Ամէն պարագայի, տակաւին շատ կանուխ է այդ մասին խօսելու եւ մինչեւ սեպտեմբեր կարելի է անդրադառնալ այդ հարցին», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ զօր. Աունի եւ Հըզպալլայի ու Ամալ շարժումին միջեւ արձանագրուած թիւրիմացութիւնները պէտք չէ իրենց չափէն աւելի մեծ պարունակի մէջ զետեղել:

Դիմադրութեան զէնքին մասին Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ զէնքը ոչ մէկ ձեւով ապօրինի նկատուած է: «Թաէֆի մէջ, երբ լիբանանեան միլիսները լուծարելու մասին քննարկումներ կատարուեցան, Դիմադրութեան նիւթն անգամ չեղաւ: Իսկ Ապրիլեան համաձայնագիրը եւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը ճանչցան Դիմադրութիւնը: Դիմադրութեան զէնքին մասին քննարկումները մաս կը կազմեն երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութեան թղթածրարին», նշեց Յ. Բագրատունի:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին նիստէն ետք Պքերքէէն հրապարակուած հաղորդագրութեան անդրադառնալով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Պքերքէի այդ կեցուածքին նպատակն է պահպանել քրիստոնէական միասնականութեան մնացորդացը:

Ահմետ Ասիրի երեւոյթին մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ լիբանանցիք են Ասիրի երեւոյթը տարածողները, այս պարագային նաեւ լիբանանեան տեղեկատուական մարզը: «Ասիրի երեւոյթին տարածման կողքին նաեւ լռութիւն որդեգրուեցաւ եւ հարցերը փոխադարձ հասկացողութեան հիման վրայ լուծելու փորձեր եղան», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Ասիրի երեւոյթը մաս կը կազմէ ալիքի մը, որ սկսած է Սայտայէն, հասած Պէյրութ եւ հիւսիսային Լիբանան, «սակայն երբ կարգ մը պատասխանատուներ եւ կրօնաւորներ կը յայտնեն, թէ բանակին դէմ զէնք բարձրացնելը արդար է, հետեւաբար բանակը եւ ապահովական ուժերը բացարձակապէս իրաւունք չունին լուռ մնալու: Եթէ քաղաքական անձնաւորութիւնները քաղաքական հաշիւներու նկատառումներով լուռ մնան, ապա բանակը պէտք չէ լուռ մնայ», շեշտեց ան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ ինք կտրականապէս կը մերժէ բանակին քաղաքական հովանաւորութիւն ընծայելու կարելիութիւնը` աւելցնելով, որ բանակը օրէնքները կը գործադրէ: «Զէնք կրելը արգիլուած է, սպանութիւնները արգիլուած են, պայթումները արգիլուած են: Հետեւաբար, բանակը ունեցաւ քաջ, օրինական եւ սահմանադրական կեցուածք մը, երբ ան յստակ քայլերու դիմեց: Մեզի համար բանակը կարմիր գիծ է եւ խստիւ մերժելի են այն կեցուածքները, որոնք կ՛ըսեն. «Կը զօրակցինք բանակին, բայց…». բանակին նկատմամբ կասկածամտութիւնը ոճիր է», հաստատեց Յ. Բագրատունի:

Ան շեշտեց, որ բանակը անմիջապէս պէտք է վերջ դնէ զինեալ երեւոյթներուն` առանց քաղաքական որեւէ որոշումի սպասելու:

 

Նախորդը

Ապրայի Մէջ Ահմետ Ասիրի Հետեւորդները Կը Խոշտանգեն Լրագրողները

Յաջորդը

Թրքական Լոպին Կը Փորձէ Ժընեւի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանի Տեղափոխումը Ապահովել

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.