Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Շնորհաւորեց Ատլի Մանսուրը

July 5, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շնորհաւորեց Եգիպտոսի փոխանցման շրջանի նախագահ Ատլի Մանսուրը, որուն յայտնեց, թէ Լիբանան կը սպասէ Եգիպտոսի արաբական դերակատարութեան, որ մնայուն կերպով կ՛երաշխաւորէ անոր ազգային միասնականութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը:

Պըրրի մաղթեց, որ Եգիպտոս դառնայ ժողովրդավարութեան խորհրդանիշը:

Նշենք, որ Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք խորհրդարանի լիագումար նիստին քննարկելիք օրակարգին առումով պիտի չսակարկէ` աւելցնելով, որ Հըզպալլա իր զօրակցութեան կարիքը չունի:

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերու Նիստ

Միւս կողմէ, խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի երէկ նախագահեց խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերու նիստին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի, վարչական եւ արդարութեան հարցերու, ազգային պաշտպանութեան, ներքին հարցերու եւ քաղաքապետութիւններու, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման, ինչպէս նաեւ մշակոյթի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերը:

Միացեալ յանձնախումբերու նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ կառավարութեան վաւերացուցած` պետական հաստատութիւններու պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն ամսական աշխատավարձի յաւելման օրինագիծը:

Նիստին ընթացքին որոշուեցաւ ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի գլխաւորութեամբ կազմել ենթայանձնախումբ մը, որ երկու ամսուան ընթացքին պիտի սերտէ պետական հաստատութիւններու պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն ամսական աշխատավարձի յաւելման օրինագիծը:

Ենթայանձնախումբին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Միշել Հըլու, Ժոզեֆ Մաալուֆ, Ուալիտ Սըքքարիէ, Ժամալ Ժարրահ, Ղազի Զաայթեր, Աքրամ Շեհայէպ, Ռիատ Ռահհալ եւ Ֆատի Հապըր:

 

 

Նախորդը

Տար Ֆաթուա. «Պէտք Է Զսպել Կրօնական Ճառերը` Ապահովութիւն Ներշնչելու Նպատակով»

Յաջորդը

Նախագահ Սլէյման Նախագահեց Ապահովական Բնոյթի Նիստի Մը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.