Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Մուրսիի Տապալումը Անընդունելի Կը Նկատէ

July 5, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Թուրքիոյ խորհրդարանը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ Թուրքիա Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի զինուորական յեղաշրջումի մը միջոցով տապալումէն մտահոգ է եւ կոչ կ՛ուղղէ` արդար ընտրութիւններու ճամբով շուտով ժողովրդավարութեան վերադառնալու:

Տաւութօղլու մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ յեղաշրջումը մտահոգիչ է, որովհետեւ կը վտանգէ 25 յունուարի եգիպտական յեղափոխութեան ձեռքբերումները:

«Ժողովրդավարական ընտրութիւններու միջոցով իշխանութեան հասած օրինական կառավարութիւն մը ապօրինի ձեւերով, այդ ալ յեղաշրջումով տապալելը անընդունելի է», յայտարարեց Տաւութօղլու:

Նշելէ ետք, թէ Եգիպտոսի մէջ կարելի եղածին չափ շուտ պէտք է ազատ եւ արդար ընտրութիւններ կատարուին, ան ըսաւ, որ անընդունելի է, որ քաղաքագէտներ ձերբակալուին եւ տնային կալանքի տակ առնուին:

Յայտնելէ ետք, թէ Եգիպտոսի մէջ բոլոր կողմերը պէտք է զգուշ ըլլան բռնարարքներ եւ քաոսային վիճակ չարտօնելու, Տաւութօղլու ընդգծեց, որ Թուրքիա Եգիպտոսի մէջ մէկ խմբակի չի զօրակցիր, այլ` երկրին ամբողջ ժողովուրդին: «Մենք ամբողջ Եգիպտոսի կը զօրակցինք: Եգիպտացիները ինչ որ ընտրեն, մենք անոնց հետ պիտի ըլլանք», աւելցուց ան:

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պեշիր Աթալայ յայտնեց, որ «Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի փոփոխութիւնը ժողովուրդի կամքին իբրեւ արդիւնք տեղի չունեցաւ»` աւելցնելով, որ «Եգիպտոսի մէջ փոփոխութիւնը օրէնքին եւ ժողովրդավարութեան համահունչ չէր»:

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ ու բանբեր Հիւսէյն Չելիք «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրեց, որ «Եգիպտոսի մէջ յեղափոխութիւնը կ՛անիծեմ: Կը յուսամ, որ Մուրսին իշխանութեան բերած լայն զանգուածները իրենց քուէները պաշտպանեն»:

Թուրքիոյ վարչապետի խորհրդական Իպրահիմ Քալըն իր կարգին գրեց, որ «որեւէ զինուորական յեղաշրջում անարդարանալի է: Այս գիշեր, Մուրսիի համակիր թէ հակառակորդ, Եգիպտոսի մէջ բոլորը պարտուեցան»:

Թրքական քաղաքական կուսակցութիւնները երէկ միացեալ հաղորդագրութեամբ մը դատապարտեցին նախագահ Մոհամետ Մուրսիի դէմ եգիպտական բանակին կատարած յեղաշրջումը:

Թուրքիոյ խորհրդարանի մարդկային իրաւանց յանձնախումբը երէկ հրապարակեց նշեալ հաղորդագրութիւնը, որուն տակ ստորագրած է երկրին իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը, խորհրդարանական ընդդիմութեան կուսակցութիւնները` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը, Ազգային շարժում կուսակցութիւնը եւ քրտական Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ «իշխանութիւնը, որ ոչ լիազօր ուժերու կողմէ յափշտակուեցաւ, պէտք է վերադարձուի (եգիպտացի) ժողովուրդին: Աշխարհի տարածքին բոլոր ժողովրդավար անհատներն ու հաստատութիւնները պէտք է դէմ կանգնին այսպիսի քայլերու, որոնք մարդկային իրաւանց հաւանական խախտումներ կը պարունակեն»:

Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու երէկ դատապարտեց Մուրսիի տապալումը: «Զինուորական յեղաշրջումները կարելի չէ ընդունիլ: Կը յուսամ, որ ժողովրդավարութիւնը Եգիպտոսի մէջ վերականգնի», ըսաւ ան:

Նախորդը

Գերմանիոյ Ելեւմուտքի Նախարարը Կը Յայտարարէ. «Թուրքիա Եւրոպայի Մաս Չի Կազմեր»

Յաջորդը

Ատլի Մանսուր Եգիպտոսի Ժամանակաւոր Նախագահ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.