Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Խորհրդարանի Անդամ Կարէն Խանլարեան. «Իրանի Նորընտիր Նախագահէն Հայ Համայնքին Թիւ Մէկ Պահանջը Ցեղասպանութեան Ճանաչումն Է»

July 4, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Tert.am կը հաղորդէ, որ Իրանի իսլամական հանրապետութեան խորհրդարանի երեսփոխան Կարէն Խանլարեան Իրանի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններէն ետք նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանիէն հայ համայնքի սպասումներուն եւ պահանջներուն շուրջ երէկ տուած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է, որ հայ համայնքը արդէն ներկայացուցած է իր պահանջները, որոնց մէջ առաջին դիրքը կը գրաւէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը:

«Նախընտրական քարոզարշաւին ժամանակ թեկնածուներէն բոլորն ալ ընդառաջած են մեր պահանջներուն, եւ հիմա մենք պէտք է պնդենք մեր այդ պահանջներուն վրայ: Իսկ հայ համայնքի գերխնդիրը կը շարունակէ մնալ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը», ըսած է ան` աւելցնելով, որ Ռուհանիէն կ՛ակնկալուի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը պահել իր ուշադրութեան կեդրոնին մէջ: «Մենք այդ մէկը պիտի պահանջենք պրն. Ռուհանիէն», յայտնած է Խանլարեան` նշելով, որ անհրաժեշտ է սպասել 24 ապրիլ 2014-ին առիթով Իրանի պաշտօնական յայտարարութեան կամ կեցուածքին:

Ինչ կը վերաբերի նորընտիր նախագահին, հայազգի երեսփոխանը նշած է, որ կարելի չէ ըսել, որ ան մոլի բարեկարգչական է:

Ըստ Կարէն Խանլարեանի, Իրանի մէջ տեղի ունեցած նախընտրական եռուզեռը կը վկայէր այն մասին, որ Իրանի մէջ ժողովուրդը կը փորձէր տնտեսական հարցերը կապել նախագահին, որովհետեւ ակնկալիքները մեծ են յատկապէս տնտեսական հարցեր լուծելու համար, եւ բոլոր թեկնածուներն ալ իրենց նախընտրական ծրագիրները կազմած էին տնտեսական հարցերու հիման վրայ:

«Ընտրութիւններուն ընթացքին ժողովուրդին 73 առ հարիւրը մասնակցեցաւ քուէարկութեան, եւ ժողովուրդի այդպիսի մասնակցութիւնը ցոյց տուաւ, որ մարդիկ շահագրգիռ են իրենց ընկերային-տնտեսական հարցերը օրինական ճամբով լուծելու», ըսած է ան:

Հայազգի երեսփոխանը յոյս յայտնած է, որ հայ-իրանեան յարաբերութիւններուն մէջ նորընտիր նախագահը դրական, մարտավարական փոփոխութիւններ իրականացնէ: «Մենք կը տեսնենք, որ Իրան-Հայաստան կապերը Ռուհանիի ուշադրութեան տակ են», ընդգծած է Կարէն Խանլարեան:

Նախորդը

Պաապտայի Մէջ. Լիբանանեան-Պաղեստինեան Վեհաժողովը Կը Հաստատէ Պաղեստինեան Գաղթակայաններուն Կողմէ Միջլիբանանեան Հարցերուն Չմիջամտելու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Ըստ «Թաքվիմ»-ի. Ֆրանչիսկոս Պապը 2008-ին Պոլսոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Ուղղելով Ծափողջոյներու Արժանացած Է

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.