Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազրպէյճան Այս Պահուս Պատրաստ Չէ Պատերազմի» Կ՛ըսէ Թոմաս Տէ Վաալ

July 4, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Թոմաս Տէ Վաալ

Ուաշինկթընի մէջ «Քառնըկի» հիմնադրամի աւագ փորձագէտ, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին հանրածանօթ «Սեւ այգի» գիրքի հեղինակ Թոմաս տէ Վաալ «Սիվիլնեթ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Ազրպէյճան այս պահուս պատրաստ չէ պատերազմի, որովհետեւ, ինչպէս զինուորական փորձագէտները կը նշեն, մեծ քանակի զինապաշար ունի, սակայն բանակին մասնագիտական մակարդակը չի համապատասխաներ այդ զէնքերու լաւ օգտագործման:

«Ի հարկէ, ատիկա ապագային ենթակայ է փոփոխութեան: Կը կարծեմ, որ Ազրպէյճան տակաւին կը գտնուի, աւելի ճիշդ կ՛աւարտէ հարստութեան հսկայական ձեռքբերման փուլը: Երբ առաջին անգամ 1995-ին Ազրպէյճան այցելեցի, Համախառն ներքին արտադրութիւնը երեք միլիառ տոլար էր, իսկ հիմա անիկա աւելի քան 70 միլիառ տոլար է: Եւ այն իրողութիւնը, թէ ատիկա երկրին ինչ կ՛ընէ, թէ՛ ֆիզիքական առումով, թէ՛ հոգեբանական, վիթխարի է, յատկապէս` Ազրպէյճանի նման երկրի մը, որ միշտ ինքզինք նկատած է տեսակ մը ծայրայեղական», ըսած է ան:

«Այնպէս որ, անոնք տակաւին այդ տարերքով կ՛ապրին, այդքան շատ գումարի ձեռքբերման իբրեւ արդիւնք արբեցած վիճակի մէջ են: Եւ կը կարծեմ, որ անոնք իսկապէս տակաւին չեն մտածած յաջորդ փուլին մասին: Եւ այժմ այդ եկամուտները կը նուազին. ի՞նչ պէտք է ընել գումարներու հետ, անոնք պէտք է սկսին աւելի մարտավարական կերպով մտածել: Եւ չեմ կարծեր, որ անոնք սկսած են այդ մարտավարական տեսլականը», ընդգծած է Տէ Վաալ:

Անդրադառնալով վերջերս Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին շուրջ մէկ միլիառ տոլար զէնքի մատակարարումներուն` փորձագէտը յայտնած է, որ Ռուսիա շահագրգռուած է Ղարաբաղի մէջ զինուորական հաւասարակշռութեան պահպանումով, որովհետեւ վստահաբար շրջանին մէջ նոր պատերազմ չի ցանկար, ինչ որ իրեն հսկայական խնդիրներու առջեւ պիտի կանգնեցնէր:

«Ան (Ռուսիան. «Ա.») ստիպուած պիտի ըլլար հաշուի առնել իր զինուորական դաշինքը Հայաստանի հետ, եւ տագնապին մէջ որեւէ մէկու կողմը բռնել: Իսկ Ռուսիա չ՛ուզեր նոր տագնապի մէջ որեւէ մէկու կողմը բռնել: Այնպէս որ, կը կարծեմ` այս գործարքին ետեւը եղածը կրնայ տարբեր ձեւով մեկնաբանուիլ: Ոմանք կրնան ըսել, որ ասիկա լուրջ ակնարկ է` ուղղուած Հայաստանին, որ ժամանակն է միանալ Մաքսային միութեան, սակայն ասիկա թերեւս Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան ընդհանուր առեւտրականացման մէկ մասն է, ուր Մոսկուա աւելի շատ հաշուի կ՛առնէ գումարները, քան այլ բան` այստեղ բարձրացնելով կազի գիները, նաեւ փորձերով ընդարձակել Մաքսային միութիւնը` ներառելով Ուքրանիան», նշած է ան:

 

Նախորդը

Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ

Յաջորդը

Իրան Ռուսիոյ Կ՛առաջարկէ Հիւլէական Նոր Կայաններ Կառուցել

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.