Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վիեննայի Մէջ. Հայաստան Կը Մասնակցի Հիւլէական Անվտանգութեան Նուիրուած Նախարարական Համաժողովին

July 3, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Վիեննայի մէջ ընթացք առաւ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան` Հիւլէական անվտանգութեան նուիրուած նախարարական համաժողովը: Համաժողովը գումարուած է Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Ե. Ամանոյի նախաձեռնութեամբ եւ միտուած է վերատեսութեան ենթարկելու հիւլէական անվտանգութեան ամրապնդման ուղղուած անցեալի ձեռքբերումները, ներկայ մօտեցումները եւ մատնանշելու ապագայ առաջնահերթութիւնները:

Համաժողովին կը մասնակցին մօտ 1300 պատուիրակներ, 34 նախարարներ եւ 31 կառավարական եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Նախարարական համաժողովի արդիւնքները հիմք պիտի ծառայեն գործակալութեան 2014-2017 թուականներուն հիւլէական անվտանգութեան ծրագիրի մշակման համար:

Համաժողովի աշխատանքներուն մասնակցող Հայաստանի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Արման Կիրակոսեան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան, Հիւլէական անվտանգութեան կարգաւորման պետական կոմիտէի ներկայացուցիչները:

Իր խօսքին մէջ դեսպան Կիրակոսեան վերահաստատեց հիւլէական զէնքի տարածման կասեցումի եւ խաղաղ նպատակներով հիւլէական ուժանիւթի օգտագործման ուղղուած Հայաստանի կառավարութեան յանձնառութիւնը: Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչը տեղեկացուց նաեւ Հայաստանի կողմէ վերջերս վաւերացուած այս մարզին վերաբերող դաշինքներուն, ընդունուած օրէնքներուն, ինչպէս նաեւ հիւլէական անվտանգութեան մարզին մէջ գործակալութեան եւ անդամ երկիրներու հետ իրականացուող ծրագիրներու մասին:

Նախորդը

Միտըլսեքսի Շրջանի Հայ Ոստիկանապետը Թեկնածու` Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Թափուր Աթոռին

Յաջորդը

Դաւթաշէնի Մէջ Բնակարան Ձեռք Բերելու Համար Արձանագրուած Է 200 Սուրիահայ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.