Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակը Հատտարայի Մօտ Կը Գտնէ Ելեկտրական Պայթուցիչներ, Իսկ Շէյխ Սալեմ Ռաֆիհի Բանակը Կ՛ամբաստանէ Հըզպալլայի Հետ Մեղսակցելու Յանցանքով

July 3, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Շէյխ Սալեմ Ռաֆիհի

Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան կողմէ նախանցեալ օր  Թրիփոլիի Քըպպէ շրջանին մէջ Ղալի Հատտարայի ձերբակալումին պատճառով

Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած կրակոցները, նետուած ռումբերն ու փակուած ճամբաները, ինչպէս նաեւ նախանցեալ երեկոյեան Ապտել Համիտ Քարամէի հրապարակին վրայ արձանագրուած զինեալ բախումները, որոնց պատճառով սպաննուած էր Սելիմ Ամին Աշքար եւ վիրաւորուած ուրիշներ, երէկ  հանդարտեցան:

Բանակը շրջուն ջոկատներով շարունակեց իր խիստ հսկողութիւնը, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի տարբեր թաղամասերուն մէջ զետեղեց անցարգելներ, մինչ Թրիփոլիի քաղաքապետարանը օժանդակեց մաքրելու զինեալ բախումներուն հետքերը:

Թրիփոլիի մէջ տիրող զգուշաւոր հանդարտութեան կողքին, Թրիփոլիի Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը գումարեց նիստ մը` գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ շէյխ Սալեմ Ռաֆիհիի:

Նիստէն ետք շէյխ Ռաֆիհի յայտնեց, որ իրենք «կարելի եղածին չափ կը փորձեն վերջ տալ գրգռութիւններուն եւ լարուածութեան, սակայն վերջերս բանակը կը մեղսակցի Հըզպալլայի զինեալներուն կողմէ մեր երիտասարդները սպաննելու արարքին»:

Ռաֆիհի ըսաւ, որ եթէ բանակը եւ պետութիւնը իրենք զիրենք կը յարգեն, ապա անոնք պէտք չէ արտօնեն, որ Հըզպալլայի միլիսները բախումներ ունենան սիւննի երիտասարդներուն հետ:

«Նոյնիսկ եթէ սիւննի երիտասարդները սխալեցան, ապա բանակը պէ՞տք է Հըզպալլայի միլիսները հրաւիրէ մեր երիտասարդները մաքրագործելու: Ա՞յս է ինքզինք յարգող բանակը. ա՞յս է ինքզինք յարգող պետութիւնը», հարց տուաւ ան:

Շէյխ Ռաֆիհի կոչ ուղղեց սիւննի երիտասարդներուն բանակին հետ բախումներ չբռնկեցնելու, «միաժամանակ բանակէն կը խնդրենք մեր երիտասարդներուն հետ բախումներու մէջ չգտնուելու, որովհետեւ բանակը մեղսակից է, եւ այս պատասխանատուութիւնը պէտք է ստանձնեն հանրապետութեան նախագահը, վարչապետը եւ սիւննի քաղաքական անձնաւորութիւնները, որոնք մեր նահատակ տղոց արիւնը այս կամ այն պաշտօնով կը փոխարինեն», ընդգծեց Ռաֆիհի:

Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը շարունակած է Ապրայի հարցով ձերբակալեալներուն հետ իր հարցաքննութիւնները եւ անոնց շրջագիծին մէջ Քեսրուանի զբօսաշրջական համալիրներէն մէկուն մէջ ձերբակալած է Ղալի Հատտարան, որուն մօտ գտած է ականներու պատրաստութեան իրեր, ինչպէս` ելեկտրական պայթուցիչներ:

Բանակի հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Հատտարա, որ նախկին երգիչ Ֆատըլ Շաքերի հետ նկարահանուած տեսանիւթին մէջ խոստովանած է, որ երկու զինուոր սպաննած էր, հարցաքննութեան ընթացքին յայտնած է նաեւ, որ մեծ քանակութեամբ զէնք եւ զինամթերք փոխադրած է Ապրայի ապահովական կղզի:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Սայտայի մէջ բռնկած զինեալ միջադէպերէն 48 ժամ առաջ, Հատտարա Ապրա հասցուցած է մեծ քանակութեամբ զէնք եւ զինամթերք:

Իր կարգին, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէ շեշտեց պետութեան եւ պետական հաստատութիւններուն ընտրանքին, ինչպէս նաեւ բանակին կողմնակից դառնալու անհրաժեշտութիւնը:

 

 

Նախորդը

Զօր. Աուն. «Կը Մերժենք Ապահովական Կառոյցներու Պետերուն Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը»

Յաջորդը

Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Ռայի Պատրիարքը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.