
Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Քայիտա ահաբեկչական կազմակերպութիւնը եւ անոր նախկին ղեկավար Ուսամա պըն Լատեն օգտագործած են «Ուիքիլիքս» կայքէջը` իբրեւ քարոզչամիջոց:
Այդ մասին յայտնած են ամերիկացի դատախազները` շարքային Պրատլի Մանինկի դատական ունկնդրութեան ընթացքին: Օքլահոմա նահանգի 25-ամեայ բնակիչը կը մեղադրուի «Ուիքիլիքս»-ի մեծ ծաւալի գաղտնի տուեալներ փոխանցելու համար: Մանինկ ատիկա չի հերքեր, սակայն կը հերքէ թշնամիին օգնութիւն ցուցաբերելու մեղադրանքները:
Ամերիկեան կառավարութեան դատախազները դատարանին ներկայացուցած են ապացոյցներ, ըստ որոնց, Պըն Լատեն անձամբ խնդրած է այդ կայքէջէն տուեալներ փոխանցել իրեն: Ըստ դատախազներուն, այդ մասին կ՛ըսուի Քայիտայի ղեկավարի նամակին մէջ, որ յայտնաբերուած է թուային նիւթերուն մէջ` 2011 մայիսին Պըն Լատենի ոչնչացման գործողութենէն ետք:
Օրաթերթը կը նշէ, որ ահաբեկիչին անձնական հետաքրքրութիւնը «Ուիքիլիքս»-ի նկատմամբ պիտի օգտագործուի իբրեւ գլխաւոր փաստարկ` ապացուցելու համար, որ Մանինկ «թշնամիին օգնած է»:


