Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»` Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Պուրճ Համուտ` 1950-Ական Տարիներուն – Նոր Մարաշի Հայկական Վարժարանները

July 3, 2013
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

Պուրճ Համուտի մէջ հայեր բնակութիւն հաստատեցին 1930-էն սկսեալ, եւ յաջորդաբար կազմաւորուեցան Նոր Մարաշ, Նոր Սիս, Նոր Ատանա, Նոր Եոզկատ եւ Նոր Թոմարզա թաղամասերը: 1946-ի Հայաստան ներգաղթէն ետք շրջանը մասամբ կորսնցուց իր հայեցի դիմագիծը, երբ ներգաղթող հայերուն տեղ եկան բնակութիւն հաստատելու տեղացի արաբ ընտանիքներ: Նոր Սիսի կողքին, 1946-ի ներգաղթէն ետք կազմաւորուեցաւ Նապաա թաղամասը, ուր բնակութիւն հաստատեցին գլխաւորաբար հարաւցի շիի ընտանիքներ: Նոր Եոզկատ եւ Նոր Թոմարզա թաղերը հետագային միացուեցան Նոր Ատանայի: Աւելի ուշ կազմաւորուեցան Նոր Կիլիկիա եւ Արագած թաղամասերը:

Նշենք, որ Նոր Սիսի կողքին կը գտնուէր Իւչ Կէօզը (այսինքն` երեք ակ), որ հետագային կոչուեցաւ Նապաա: Գետակը կ՛անցնէր Նոր Սիս, Նոր Մարաշ եւ Թիրօ թաղերէն եւ կը հասնէր ծովափ: Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ կառուցուած էր փոքրածաւալ քարաշէն կամուրջ մը, զոր կոչած էր Ճսըր Մուրատ, անունովը կամուրջին վրայ կրպակ ունեցող ֆոլքլորիք անձի մը` Մուրատին: Նշենք, որ 1990-ական տարիներուն գետին հունը ամբողջովին ծածկուեցաւ պեթոնապատ կառոյցով: Յիշեալ կամուրջին տարածքին վրայ այսօր ծաղկած է Պուրճ Համուտի հրապարակի պարտէզը:

«Ազդակ» տարբեր  առիթներով եւ յատուկ թղթակցութիւններով անդրադարձած է Պուրճ Համուտի հայ կեանքի տարբեր երեւոյթներուն, դպրոցներուն ու եկեղեցիներուն: 16 յունուար 1954-ի թիւով եւ «Ազգային կեանքը Պուրճ Համուտի մէջ» խորագիրով թղթակցութեամբ «Ազդակ» կը գրէր.

«Արիւնոտ փոթորիկի մը խլեակները` հազիւ երեք տասնամեակներ առաջ նետուած անծանօթ, այլ հիւրընկալ հողի մը վրայ, այսօր շէնշող քաղաքի մը վերածած է Պէյրութի Պուրճ Համուտը, որ նախապէս անմարդաբնակ եւ խոպան տարածութիւն մը եղած է:

Պուրճ Համուտը, փոքր քաղաք մըն է այսօր, որուն բնակչութեան մեծ մասը կը կազմէ հայութիւնը: Ներգաղթէն առաջ` բոլորովին տարբեր պատկեր մը կը ներկայացնէր այս շրջանը, ուր կը պահուէին հայկական բարքերը` ժողովրդական մեծ զանգուածի մը մէջ: Սակայն հիմա, քիչ մը խաթարուած են հին սովորութիւնները: Յամենայն դէպս` Պուրճ Համուտը, ներկայիս Պէյրութի միակ  արուարձանն է, ու հայութիւնը կ՛ապրի` զանգուածային: Այս պարագան կը շեշտենք, որովհետեւ մեծ դեր ունի ցեղապահպանման հարցին մէջ: Օտար երկրէն այցելու հայ մը` երբ կը տեսնէ հայ տղաք, լեցուն փողոցներու եւ դաշտերու մէջ` կը համակուի հպարտութեան յուզումով: Մանաւա՛նդ` երբ կը տեսնէ, ամէն առաւօտ հայ մանուկներ, երջանկութեան ժպիտը իրենց դէմքերուն, անհոգ ծիծաղով փողոցներէն կ՛անցնին, տասնէն աւելի դպրոցներուն դասարանները լեցնելու համար: Առաւօտեան աղօթքէն վերջ, մանկապարտէզի սրահի մը քովէն անցնող ոեւէ անցորդ` կանգ կ՛առնէ, պահ մը մտիկ ընելու համար իր աքսորեալ ցեղին զաւակներուն երգերը, որոնք ա՛յդ տարիքին մէջ իսկ` յոյսի լեռներ կը բարձրացնեն փոքրիկներու հոգիին մէջ:

Որքան ալ թշուառութիւնը կը մտրակէ այս շրջանի հայ մանուկներու ֆիզիքականը` ցեղին ձայնը կը խօսի բոլորին սրտին մէջ: Ամէն գիշեր յուզումի թատերավայր մըն է իւրաքանչիւր տուն: Հայ մայրեր` յաճախ անօթի իրենց զաւակներուն կը սորվեցնեն հպարտ ըլլալ կեանքի մէջ, իրենց անունով եւ հայրենիքով:

Պուրճ Համուտի դպրոցներուն այցելու մը կրնայ խօսիլ հայկական այն մթնոլորտին շուրջ` որ կը տիրէ այդ վարժարաններէն ներս: Հակառակ այս ափերուն վրայ կեանքի յաջողութեանց համար հարկ եղող գիտութեանց` մեր դպրոցներուն մէջ ամէնէն աւելի ուժ կը տրուի հայ լեզուին եւ կրօնքին, բոլոր տղոց երեւակայութեան մէջ անջնջելի կը մնան Հայոց պատմութեան հերոսները: Մանկապարտէզի աշակերտներէն մինչեւ շրջանաւարտները, մոլեգնօրէն կը պայքարին թրքախօսութեան դէմ: Հայ ընտանիքներէն շատերուն մէջ, 5-8 տարեկան փոքրիկները 10 դահեկան տուգանք կը գանձեն բոլոր անոնցմէ, որոնք հայերէն գիտեն եւ թրքերէն կը խօսին… ու ա՛յս` երեւոյթ մը, որ շատ լաւ կրնայ բացատրել ցեղային հարազատութեան ոգին, որ բոցավառած է բոլորին սիրտը:

Դպրոցներու աշխատանքները կ՛ամբողջացնեն թատերախումբերը, որոնք շարունակ հայկական կեանքին վերաբերեալ ներկայացումներ կը կատարեն: Ժողովուրդը խանդավառօրէն կը լեցուի ներկայացման սրահները, մանաւանդ` երբ գիտէ թէ գոյացած հասոյթը բարենպաստ ձեռնարկի մը կը յատկացուի:

ՀՄԸՄ-ը, իր սկաուտներով եւ մարզական զանազան ճիւղերով, կը խանդավառէ հայ երիտասարդութիւնը:

Հ. Օգնութեան Խաչը, հինգ մասնաճիւղեր ունի Պուրճ Համուտի մէջ, որոնց բոլորն ալ որեւէ ջանք չեն զլանար, ժողովուրդին բարօրութեան նկատմամբ կատարուող օգտակար ձեռնարկներու մէջ իրենց կարելին ընելու: Կանանց այս կազմակերպութիւնը, կոչուած է նորահաս աղջիկները դաստիարակելու եւ օգնելու չքաւոր ընտանիքներու զաւակներուն, որոնք ահռելի դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուին, դպրոցներէ ներս թէ դուրս:

Այս բոլոր կազմակերպութեանց մէջ` գուցէ ամենախանդավառն են, Պատ. Միութեանց անդամները: Ցարդ երեք Պատ. Միութիւններ գոյութիւն ունէին, մօտ 300 անդամներով, սակայն վերջերս երեք մասնաճիւղերը անբաւարար նկատուելով` կազմուեցաւ չորրորդ մը` «Խանասոր», «Արագած» թաղին մէջ եւ արդէն իսկ 80 անդամներ ունի: Նորաբողբոջ «Խանասոր»-ը` ՀՄԸՄ-ի երկրորդական ֆութպոլի խաղերուն մէջ, խլեց առաջնութիւնը, որ գովելի յաջողութիւն մըն է իրեն համար:

Թէեւ խանդավառ եռուզեռ մը կայ այստեղ, սակայն նիւթական տեսակէտէն, Պուրճ Համուտի բնակչութիւնը թշուառ կեանք մը ունի, ընդհանուր առմամբ: Հարուստներ չկան այս շրջանին մէջ եւ բարեկեցիկներու թիւը սահմանափակ է:

Անցեալ տարի Պուրճ Համուտը ունեցաւ իր առանձին քաղաքապետութիւնը, որուն հետեւանքով փողոցները զգալիօրէն մաքրուեցան աղտեղութիւններէ: Ճամբաները սկսան նորոգուիլ, որ ցարդ համբաւաւոր էին անձրեւի ջուրերէն գոյացած ճախճախուտներով:

Պուրճ Համուտի իւրաքանչիւր թաղին, հայրենի քաղաքներու անունները որոշուած են բնակչութեան կողմէ. ասոնք ընդհանրապէս երեք մեծ շրջաններու կը բաժնուին, Նոր Մարաշ, Նոր Սիս եւ Նոր Ատանա»:

***

Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ թաղին եւ հոն գործող վարժարաններուն անդրադառնալով «Ազդակ» 19 յունուար 1954-ի թիւով կը գրէր.

«Պուրճ Համուտի ամենաընդարձակ շրջանն է Նոր Մարաշը եւ իր բնակչութեան թիւը` արուարձանի հայերուն մեծագոյն տոկոսը կը կազմէ: Պուրճ Համուտի բնակիչներուն կողմէ շրջանին «մայրաքաղաք»-ը յորջորջուած է: Արդարեւ հայկական ամենամեծ թատերասրահը` «Գերմանիկ» կը գտնուի այստեղ, ինչպէս նաեւ շարժանկարի երեք սրահներ, հայկական անուններով (Արաքս, Քնար, Սեւան): Շրջանի բոլոր միութիւնները եւ դպրոցները իրենց ներկայացումներն ու հանդէսները կը կատարեն այս սրահներուն մէջ:

Նոր Մարաշի մէջ իւրաքանչիւր հայ յարանուանութիւն ունի դպրոց մը եւ եկեղեցի մը` կողքին: Ինչպէս բնակչութեան նոյնպէս ալ աշակերտութեան մեծագոյն տոկոսը հաւաքուած է այս շրջանին երեք դպրոցներուն մէջ:

Հայ Աւետ. Երկրորդական Վարժարան

Ժողովարանին կից` երկյարկանի գեղեցիկ շէնք մը, Հայ Աւետ. Երկր. վարժարանը, բաւականաչափ ընդարձակ շրջափակով մը, ուր կրնան հանդարտօրէն իրենց զբօսանքը ընել, դպրոցին աշակերտները:

Ասիկա միակ երկրորդական վարժարանն է Պուրճ Համուտի ընդարձակ շրջանին մէջ, ուր գոյութիւն ունի ուսանողներու ահագին զանգուած մը: Հակառակ սակայն, այն բոլոր տուեալներուն` որոնցմով Աւետարանչականներու վարժարանը կրնայ իր յարկին տակ համախմբել Պուրճ Համուտի ուսանողները, Ազգ. վարժարաններու շրջանաւարտներուն շատ չնչին, գրեթէ  աննշմարելի մէկ մասը իր ուսումը կը շարունակէ այս դպրոցին մէջ: Այս քանի մը աշակերտները, որոնց թիւը հազիւ թէ կը հասնի տասնեակի մը, գրեթէ բոլորն ալ աղջիկներ են:

Դպրոցին ընդհանուր աշակերտութեան թիւը կը հասնի 350-ի:

Ուսուցիչներու թիւը 16 է:

Տիրող պայմաններուն տակ` բնականաբար այստեղ ալ գոյութիւն ունի, բոլոր հայ վարժարաններու մտահոգութիւնը` պիւտճէին նկատմամբ: Աշակերտներու կրթաթոշակով, դպրոցին տարեկան ծախքին հազիւ 1-3-ը կը փակուի: Երեւոյթ մը` որ կը պարզուի երկու պատճառներով.-

Նախ` վարժարանը կը պատկանի փոքրամասնութեանց համայնքին, որուն պիտի համապատասխանէ աշակերտութեան թիւը:

Երկրորդ` այն վիճակը, որ կը տիրէ Պուրճ Համուտի բնակիչներուն մէջ` թշուառութիւնը:

Աւետարանչական կազմակերպութիւնները ջանք չեն խնայեր, կանգուն պահելու համար այս վարժարանը, որուն ամէն տարուան բացը կը հոգան: Ազնիւ առաջադրութիւն մը` սատարելու հայ մշակոյթին եւ անուան:

Վարժարանին մարզահանդէսն ու ամավերջի հանդէսները չնչին եկամուտ մը միայն կ՛ապահովեն, հակառակ անոր, որ միակ ձեռնարկներն են դպրոցին, ամբողջ տարուան ընթացքին:

Ամէն շաբաթ կանոնաւորաբար կրկնուող մարզանքները իրենց բարերար ազդեցութիւնը ձգած են աշակերտներուն վրայ, որոնց առողջապահութեան նկատմամբ` չափազանց գոհունակութիւն կը յայտնէ դպրոցին տնօրէնութիւնը: Այս մարզին մէջ` մեծապէս օգտակար եղած է Հով. Գարակէօզեան հաստատութիւնը, իր յաճախակի դարմանումներով:

Վարժարանը Աւետարանչական հաստատութիւն մը ըլլալուն` ներքին կեանքը կ՛ընթանայ կազմակերպութեան հոգեբանութեամբ, որ էական պայմանն է ուսանողներու նկատմամբ:

Հայ. Կաթ. Մեսրոպեան Վարժարան

Պուրճ Համուտի հայ վարժարաններուն ամենաբախտաւոր աշակերտութիւնը կարելի է նկատել Մեսրոպեանի ուսանողները, որոնք հայ դպրոցներու ամենակատարելագործուած խաղավայրը ունին իրենց դպրոցական շէնքին առջեւ:

Նախապէս խաղավայրը շատ աւելի մեծ էր, այնպէս որ` երիտասարդ տղաք` իրենց ֆութպոլի մրցումներուն մեծ մասը այստեղ կը կատարէին: Վերջերս դաշտին մէկ մասը գրաւեց Ս. Փրկիչ գեղակառոյց եկեղեցին: Ամէն երկուշաբթի իրիկուն` բարձրախօսով, մէկ ժամ տեւող հայկական երգերու յայտագիր մը կը ձայնասփռուի:

Եկեղեցիին կից` կառուցուեցաւ Պէյրութի ամենագեղեցիկ պասքեթպոլի դաշտերէն մէկը, ուր յաճախակի հանդիպումներ կ՛ունենան շրջանի եւ նոյնի՛սկ քաղաքի խումբերը: Այս դաշտը կրնայ բաւական լուրջ դեր խաղալ ի նպաստ մարմնամարզին, որովհետեւ պասքեթպոլը ներկայիս ամենալրիւ մարզանքներէն մէկը կը նկատուի եւ այս դաշտը` առաջինն է Պուրճ Համուտի մէջ:

Մեսրոպեան վարժարանի վարչութիւնը ձեռնարկած է խաղավայրը ասֆալթելու աշխատանքին, որ շուտով կը վերջանայ: Այս ձեւով դպրոցին տղաքը կ՛ազատին ձմրան անձրեւէն գոյացած ցեխերէն ու աղտոտ ջուրերէն: Առողջապահական նկատումներով` դպրոցին խաղավայրը եզերուած է ծառերով,  որոնք գեղեցիկ տեսարան մըն ալ կու տան վարժարանին:

Ըլլալով կաթողիկէ վարժարան մը` դպրոցին պաշտօնեաներուն մեծ մասը կազմուած է վարդապետներէ: Ուսուցիչներու թիւը կը հասնի 24-ի:

Վարժարանին տնօրէնն է` Մեսրոպ վրդ. Թերզեան, որ մեր հարցումին հպարտութեան եւ ինքնավստահութեան շեշտով մը պատասխանելով, ըսաւ.-

– Դպրոցին մէջ ամէնէն աւելի զարկ կը տրուի հայերէն լեզուին եւ Հայ. Պատմութեան: Աշակերտները կը սորվին նաեւ Հայաստանի աշխարհագրութիւնը ընդհանուր աշխարհագրութեան զուգահեռ: Ասոնցմէ զատ անոնք կը պատրաստուին ֆրանսական սէրթիֆիքայի քննութիւններուն, որ նոյնպէս կարեւոր է վարժարանին վարկը պահպանելու համար:

Ինչպէս միւս դպրոցներուն մէջ` հոս ալ աշակերտներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը կազմուած է աղքատ ընտանիքներու զաւակներէն, որոնք դպրոցի պիւտճէին հազիւ կէսը ապահովելու կարելիութեան մէջ կը գտնուին: Այս մարզին մէջ` օտար հաստատութիւնները եւ Մխիթարեան հայրերը մեծապէս կ՛օժանդակեն, վարժարանի պահպանման համար թափուած ջանքերուն բերելով իրենց մասնակցութիւնը: Հակառակ արտաքին լայն օժանդակութեան` տակաւին, մօտաւորապէս 2800 ոսկիի տարեկան բաց մը կը մնայ:

Դպրոցէն ներս թէ դուրս` թրքախօսութեան դէմ պայքար կը տարուի աշակերտութեան կողմէ, այդ ախտը ընդմիշտ ջլատելու համար մեր ժողովուրդին մէջէն»:

***

Իսկ 20 յունուար 1954-ի թիւով «Ազդակ» առանձին թղթակցութեամբ մը անդրադարձած է Սրբոց Քառասնից Մանկանց ազգային երկսեռ վարժարանին:

«Նոր Մարաշի կեդրոնը բարձրացող Ս. Քառ. Մանկանց հոյակապ եկեղեցիին գմբէթը իր ստուերը կը ձգէ վարժարանին վրայ: Երբ ներս կը մտնենք երկաթեայ դռնէն` ծայր աստիճան մաքուր եւ սալայատակուած բակին մէջ, համատարած լռութեան մը ներքեւ կը լսենք դասարաններէն եկող աշակերտներուն ձայները: Քանի մը վայրկեան տեսչարանին մէջ սպասելէ յետոյ, կը հասնի դպրոցին տնօրէնը` Պր. Ս. Զաւէն:

Տեսչարանին կահաւորումը եւ դպրոցին շէնքը` այցելուին վրայ եւրոպական վարժարանի մը տպաւորութիւնը կը ձգեն: Արդարեւ, կը գտնուինք Պուրճ Համուտի ամենաշքեղ վարժարանին մէջ, ուր կը յաճախեն աւելի քան 650 աշակերտներ: Լիբանանի հայկական որեւէ դպրոցին մէջ աշակերտութեան թիւը տակաւին չէ հասած այս քանակին:

Կը հարցնենք` թէ ի՞նչ է պատճառը, որ աշակերտութիւնը այսքան շատ է դպրոցին մէջ:

– Անշուշտ, կ՛ըսէ տնօրէնը, դպրոցին մաքրութիւնը եւ գեղեցկութիւնը իրենց նպաստաւոր դերը ունին, սակայն շրջանին ընդարձակութիւնը թերեւս ամէնէն աւելի խօսուն պատկերն է անոր, թէեւ այս տարի աշակերտներ ունեցանք նաեւ այլ դպրոցներէն. ա՛յս ալ` կրնանք ըսել որ ուսուցչական զօրաւոր կազմի մը արդիւնքն է:

Աշակերտութեան բազմութեան պատճառով պաշտօնէութիւնը զուգահեռ դասարաններ կազմած է, նոյնիսկ քանի մը դասարաններ 3-ի բաժնուած են:

Հակառակ սակայն բազմաթիւ աշակերտութեան, այս վարժարանը զուրկ է իրեն յարմար խաղավայրէ մը: Թաղականութիւնը կը մտածէ բարձրագոյն երկու կարգեր եւս հաստատել, սակայն անցեալ տարի ժողովուրդին օժանդակութեամբ դպրոցին կցուած երկյարկանի շէնքն ալ ամբողջութեամբ լեցուելէ զատ` տակաւին քանի մը դասարաններ կազմուած են եկեղեցիին վերնատան եւ գաւիթին մէջ, մանկապարտէզի աշակերտներուն համար:

Մանկապարտէզի 9 դասարաններուն մէջ կը պաշտօնավարեն 9 ուսուցչուհիներ եւ վարիչ մանկապարտիզպանուհի մը` օրդ. Նուարդ Պէրպէրեան:

Նախակրթարանը ունի մնայուն 5 ուսուցիչ եւ 8  ուսուցչուհիներ, ինչպէս նաեւ զանազան լեզուներու համար` 7 այցելու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ: Որով` պաշտօնէութեան ընդհանուր թիւն է` 31 հոգի: Թաղականութենէն յետոյ դպրոցին մէջ ամէնէն աւելի սան-սանուհի պահող միութիւնը Հայ Օգնութեան Խաչն է (70 սան): Կան քանի մը Հայր. Միութիւններ եւ անհատ բարերարներ, որոնք իրենց փոքր օժանդակութիւններով կը միանան վարժարանին պիւտճէն ապահովելու կոչուած թաղականութեան աշխատանքներուն:

Աշակերտութեան առողջական վիճակը զգալապէս բարելաւուած է: Ըստ դպրոցի տնօրէն Պր. Սեդրակ Զաւէնի, տարիներ առաջ աշակերտներուն կէսը թրոքոմա ունէր, հիմա` հազիւ 5 առ հարիւրը: Այս առթիւ դպրոցը իր մասնաւոր շնորհակալութիւնները կը յայտնէ Գարակէօզեան հաստատութեան:

Միջին հաշուով շաբաթը նախակրթարանի աշակերտներէն 3-4 բացականեր կ՛արձանագրուին որպէս հիւանդ եւ մանկապարտէզէն` 5-6: Բացակայողները ընդհանրապէս աղքատ ընտանիքներու զաւակներն են, որոնք զուրկ ըլլալով բաւարար սնունդէ, ձմրան ցուրտին պատճառով յաճախակի թեթեւ հիւանդութիւններ կ՛անցընեն: Այս նպատակով ՀԲԸՄ-ը փոքրերուն առաւօտեան կաթ կը բաժնէ, որմէ կ՛օգտուին 175 աշակերտներ:

Այս վարժարանին մէջ աշակերտներ կան, որոնք դժուարութեան կը մատնուին գտնելու համար իրենց առօրեայ սնունդը: Հայ Օգն. Խաչի Պնակ մը կերակուրի դրութիւնը 60 աշակերտներ կը կերակրէ, որուն պակասով չքաւոր ընտանիքներու զաւակները յաճախ պիտի ստիպուէին անօթի դպրոց գալ:

Նոր Մարաշի Ս. Քառս. Մանկանց Ազգ. վարժարանին մէջ, մանկապարտէզի աշակերտութեան մեծամասնութիւնը կը կազմեն մանչերը, սակայն երբ կը հասնին աւարտական դասարան` աղջիկներու թիւը գլած անցած է արդէն մանչերը: Այս երեւոյթին պատճառները քրքրելով` ականատես եղանք դժբախտ երեւոյթի մը.-

Երբ տղաքը կը հասնին 4-րդ դասարան` սովորաբար թշուառ ընտանիքները չեն կրնար հոգալ անոնց դպրոցական ծախսերը, որով, խեղճ տղաքը ստիպուած կ՛ըլլան դպրոցը լքել` նետուելու համար կեանքի ասպարէզին մէջ: Խղճալի թիւ մը կը կազմեն այն ընտանիքները` որոնք իրենց թշուառութեան մէջ մինչեւ Զ. դասարան կը շարունակեն հոգալ իրենց զաւակներուն ծախսերը:

Երկրորդական վարժարաններ յաճախելու համար բարերարներ գրեթէ միշտ կարելի է գտնել: Այս տարի բացառաբար 20 շրջանաւարտներուն 11-ը կը շարունակեն իրենց ուսումը:

Եթէ կարելիութիւն ըլլայ այս դպրոցին վրայ աւելցնել բարձրագոյն երկու կարգեր եւս, աւելի շատ կ՛ըլլայ իրենց ուսումը շարունակող աշակերտներուն թիւը:

Վարժարանը ժամանակին ունեցած է  նաեւ Շրջանաւարտից Միութիւն մը` որ ներկայիս լուծուած է թաղականութեան կողմէ»:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (3 Յուլիս 1963)

Յաջորդը

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան Նախակրթարանի Աւարտական Դասարանի Հանդէս

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.