Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրնզ Դատապարտեց Սուրիոյ Տագնապին Հըզպալլայի Միջամտութիւնը` Վերահաստատելով Չէզոք Կեցուածքին Ուաշինկթընի Զօրակցութիւնը

July 2, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պըրնզ` Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ուիլիըմ Պըրնզ երէկ հանդիպումներ ունենալէ ետք լիբանանեան իշխանութեան երեք պետերուն հետ, Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն ինքնազսպումի ենթարկուելու, ինչպէս նաեւ պահպանելու Լիբանանի մէջ զինուորական ուժերն ու ապահովական կառոյցները:

Պըրնզ հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են օժանդակելու լիբանանեան պետութեան` սուրիացի գաղթականները պաշտպանելու նպատակով:

Պըրնզ խստիւ դատապարտեց Հըզպալլայի կողմէ Սուրիոյ տագնապին միջամտութիւնը` շեշտելով, որ անիկա կը ծառայէ Հըզպալլայի, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ Իրանի շահերուն եւ ոչ թէ Լիբանանի շահերուն:

Պըրնզ ընդգծեց, որ Հըզպալլա Սուրիոյ տագնապին միջամուխ դառնալով Լիբանանի ապագան վտանգի ենթարկած է:

Ան նաեւ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է անշեղ մնալ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ լիբանանեան պետութեան որդեգրած չէզոք կեցուածքէն, ինչպէս նաեւ «Պաապտայի յայտարարութենէն»:

Միւս կողմէ, Պըրնզ ըսաւ, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ զօրակցիլ լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն` ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են ազատ, անկախ, կայուն եւ գերիշխան Լիբանանի մը:

Պըրնզ եւ նախագահ Սլէյման

Նշենք, որ Պըրնզ իր այցելութեան սկսաւ նախագահական պալատէն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ եւ անոր փոխանցեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի, փոխնախագահ Ճօ Պայտընի եւ արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի ողջոյններն ու զօրակցութիւնը` այս հանգրուանին նախագահ Սլէյմանի ի գործ դրած ջանքերուն նկատմամբ, յատկապէս նկատի ունենալով, որ այդ ջանքերուն նպատակն է պահպանել լիբանանեան ներքին ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ չէզոք կեցուածքի ցուցաբերումը:

Նախագահ Սլէյման եւ Պըրնզ քննարկեցին նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ յատկապէս զինուորական մարզին մէջ այդ յարաբերութիւնները բարելաւելու հեռանկարները:

Քննարկուեցան նաեւ Սուրիոյ եւ շրջանային զարգացումները, «Ժընեւ 2» խորհրդաժողովին անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանային առումով խաղաղութիւն հաստատելու հեռանկարները:

Պըրնզ այցելեց նաեւ վարչապետարան, ուր  հանդիպում մը ունեցաւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները:

Պըրնզ ընդունուեցաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ: Քննարկուեցան լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային ընդհանուր հարցեր:

Պըրնզ ուղղուեցաւ Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Քննարկուեցան երկու բանակներուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ բանակին տրամադրուելիք օժանդակութիւնները, յատկապէս ներկայ զգայուն կացութեան մէջ:

Պըրնզ բարձր գնահատեց բանակին դերակատարութիւնը եւ շեշտեց, որ Ուաշինկթըն կ՛ողջունէ բանակին դերակատարութիւնը եւ պիտի շարունակէ զօրակցիլ լիբանանեան բանակին:

Նախորդը

Հատտարա Կը Ձերբակալուի Եւ Թրիփոլի Դարձեալ Կը Բորբոքի

Յաջորդը

«Հայաստանի, Վրաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համագործակցութիւնը Շատ Կարեւոր Է» Կ՛ըսէ Թատիչ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.