Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճոն Մըքքէյն Ջնջեց Լիբանան Կատարելիք Իր Այցելութիւնը, Իսկ Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Հարազատները Կառչած Մնացին Անոր Դէմ Իրենց Ցոյցին

July 2, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացի ծերակուտական Ճոն Մըքքէյն, որ երէկ պիտի այցելէր Լիբանան, մետասաներորդ պահուն ջնջեց իր կատարելիք այցելութիւնը` պատճառաբանելով Արիզոնա նահանգին մէջ բռնկած հրդեհները:

Միւս կողմէ, սակայն, նկատի ունենալով, որ Մըքքէյն վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը պիտի ունենար հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ, Ազեզի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները ուղղուեցան վարչապետարան, ուր անոնք բողոքի ցոյց մը կատարեցին Մըքքէյնի այցելութեան դէմ` նկատի ունենալով, որ ամիսներ առաջ ամերիկացի ծերակուտականը կը գտնուէր Սուրիա եւ հանդիպումներ ունեցած էր սուրիական ընդդիմութեան ու լիբանանցիները առեւանգող կողմին հետ:

Ընտանիքները նախապէս շեշտած էին, որ իրենք Պէյրութի միջազգային օդակայանին ճամբան պիտի փակեն, եթէ Մըքքէյն Լիբանան ժամանէ:

Վարչապետարանին դիմաց նստացոյց կատարող առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները հաստատեցին, որ իրենք մնայուն կերպով պիտի հետեւին Մըքքէյնի Լիբանան կատարելիք այցելութեան եւ ամէն ձեւերով պիտի արգելակեն այդ այցելութիւնը:

Առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները շեշտեցին, որ Միքաթիի համար ամօթ է ընդունիլ Մըքքէյնը, որ կը զօրակցի իրենց հարազատները առեւանգող կողմին եւ կը խոչընդոտէ անոնց ազատ արձակումը: Անոնք ընդգծեցին, որ Միքաթի պէտք էր Մըքքէյնէն խնդրէր, որ ան միջամտէ առեւանգուած լիբանանցիներու ազատ արձակման:

Նստացոյցին մասնակիցները շեշտեցին, որ իրենք տեսած են Մըքքէյնի լուսանկարները` իրենց հարազատները առեւանգողներուն ընկերակցութեամբ, շեշտելով, որ իրենք Մըքքէյնը պիտի դիմաւորեն «ըստ արժանւոյն»:

Նախորդը

Խորհրդարանի Լիագումար Նիստը Յետաձգուեցաւ 16 Յուլիսին

Յաջորդը

Հատտարա Կը Ձերբակալուի Եւ Թրիփոլի Դարձեալ Կը Բորբոքի

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.